Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ պատահած պայթումին բոլոր մեղսակիցները պիտի գտնուին ու հաշուետուութեան ենթարկուին»:
«Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ յարձակումներուն նկատմամբ եւ գիտէ այն կողմերը, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ՛աջակցին, եւ իրաւունք ունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր սեփական խնդիրները լուծելու», աւելցուց ան:
«Դէպքերը ցոյց տուին, որ այն ուժերը, որոնք երաշխիքներ տուին, թէ Թուրքիան իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն յարձակումի պիտի չենթարկուի, չյարգեցին իրենց խոստումները», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործողութիւնները միայն սկիզբն են, եւ մեզի համար յարմարագոյն պահուն ցամաքային գործողութիւններու պիտի սկսինք, եւ մեր առած քայլերը պիտի երաշխաւորեն թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի հողերուն ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը»:
«Պիտի սկսինք մաքրել Թել Ռիֆաաթէն Մընպեժ ու Արաբ Բունար երկարող շրջանը, եւ մեր միակ նպատակը մեր քաղաքացիներուն ու մեր մերձակայքին մէջ գտնուող եղբայրներուն ապահով ապագայ երաշխաւորելն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շաղախէ փապուղիները, ուր ահաբեկիչները կը թաքնուին, անոնց գերեզմանները պիտի ըլլան»:
Թուրքիոյ նախագահը 22 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիան շուտով կրնայ նոր անդրսահմանային ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսիլ Սուրիոյ տարածքին մէջ: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն:
«Մենք գիտենք ահաբեկիչներու անունները, վայրերը: Մենք նաեւ գիտենք, թէ ո՛վ զանոնք կը պահէ, կը զինէ եւ կ՛ոգեշնչէ: Տայ Աստուած, մօտիկ ապագային մենք հրասայլերով եւ հրետանիի միջոցով ոչնչացնենք ահաբեկիչներու արմատները», ըսած էր ան:
«Ասկէ ետք մենք ունինք միայն մէկ քայլ` ապահովել մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը: Մենք անվտանգութեան գիծ գծած ենք Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ մեր սահմաններու երկայնքին, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ խանգարել մեր սահմաններու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Վերջին քանի մը օրերուն մեր օդանաւերն ու անօդաչու թռչող սարքերը եղած են ահաբեկիչներու գլուխներուն վերեւ, մենք բոլորը պիտի ոչնչացնենք», աւելցուցած էր Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը 21 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Անգարան կը սերտէ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի դէմ ցամաքային գործողութիւն կատարելու կարելիութիւնը` նշելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուող գործողութեան մասնակցելու համար ցամաքային ուժերու թիւի գնահատումը կը կատարենք»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 21 նոյեմբերին մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ շաբաթ-կիրակի գիշեր քրտական դիրքերու դէմ շղթայազերծած օդային յարձակումներուն նկատմամբ եւ Անգարային «ինքնազսպումի» կոչ ուղղեց:
Քոլոնա Մոլտովայի զօրակցութեան միջազգային ժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Դժբախտաբար, ասիկա առաջին անգամը չէ, որ կը տեսնենք, որ Թուրքիան օտար երկիրներու վրայ յարձակումներ կը շղթայազերծէ»` աւելցնելով. «Ամէն անգամ մեր յստակ մտահոգութիւնն ու փափաքը յայտնեցինք, որ Թուրքիան ինքնազսպումի աւելի մեծ չափ ցուցաբերէ»:
«Մենք կը հասկնանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ անվտանգութեան այս մտահոգութիւնը, սակայն ոչ այսպիսի միջոցով եւ այսպիսի ճամբով», նշեց ան:
Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց. «Կը յուսանք համոզել մեր թուրք գործընկերները հրաժարիլ սուրիական հողերուն վրայ որեւէ անհամաչափ ուժ կիրարկելէ` լարուածութիւններու մագլցումէն խուսափելու համար»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին Թուրքիան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «կայունութիւնը քայքայելէ» զգուշացնելով լրագրողներուն յայտնեց. «Կը հասկնանք Թուրքիոյ` իր անվտանգութեան վերաբերող մտահոգութիւնները… սակայն միեւնոյն ժամանակ բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք` չդիմելու որեւէ քայլի, որ կրնայ ընդհանուր կացութեան վտանգաւոր քայքայման յանգեցնել»: