Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց, որ Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները «միայն օդային հարուածներ չէին»:
«Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան ցամաքային ուժերու մասնակցութեան վերաբերեալ քննարկումներ պիտի կատարենք», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
«Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախատեսուող գործողութեան մը մասնակցելու համար պէտք եղող ցամաքային ուժերու թիւի գնահատում եւ ատոր շուրջ խորհրդակցութիւն կը կատարէ», աւելցուց ան:
«Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ներկայութիւն եղող պետութիւններու հետ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու մէջ ենք եւ անոնց հիմամբ մեր քայլը պիտի կատարենք», ըսաւ Էրտողան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու երէկ յայտարարեց, որ 3 անձեր, ներառեալ երեխայ մը մահացած են, երբ Սուրիոյ հետ սահմանակից շրջանին մէջ գտնուող Քարքամիշի վրայ հրթիռներ ինկած են: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ շրջանին մէջ ինկած են 2 հրթիռներ, որոնցմէ մէկը` դպրոցի մը վրայ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նախքան այդ մէջբերելով թուրք պաշտօնատար մը հաղորդած էր, որ հրթիռակոծման պատճառով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 6 վիրաւոր: