Միջազգային

«Ցորենի Գործարքի Իրականացումը Ցոյց Տուած Է, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Դիւանագիտութիւնը Կարելի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ցորենի Գործարքի Իրականացումը Ցոյց Տուած Է, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Դիւանագիտութիւնը Կարելի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ցորենի գործարքի իրականացումը ցոյց տուած է, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան դիւանագիտական լուծումը կարելի է», այս մասին Պոլսոյ մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Այս դժուար օրերուն, երբ մարդասիրական արժէքները ենթարկուած են փորձութիւններու, Թուրքիան իր միջոցները առաջարկած է անոնց, որոնք ատոր կարիքը ունեցած են: «Մենք առաջին օրէն եռանդուն կերպով աշխատած ենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ...

«Կը Յարգենք Մերձակայ Երկիրներու Գերիշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Աքար

«Կը Յարգենք Մերձակայ Երկիրներու Գերիշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Թուրքիան ամենայն վճռականութեամբ պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան աղբիւրները ցամքեցնելու իր ռազմավարութիւնը»: «Թրքական ուժերը նախանձախնդիր են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին քաղաքայիններուն որեւէ վնաս չպատճառելուն», նշեց Աքար: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Իրաքի հետ սահմանին վրայ եւ Կորճայք նահանգին մէջ տեղակայուած թրքական զինուորական ստորաբաժանումներուն իր այցելութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ գովաբանեց «զինուորական գործողութիւնները, զորս թրքական զինեալ ուժերը կը կատարեն...

Ուքրանիոյ Պատերազմին Մէջ Անհետ Կորսուած Է 15 Հազար Մարդ

Ուքրանիոյ Պատերազմին Մէջ Անհետ Կորսուած Է 15 Հազար Մարդ

Աւելի քան 15 հազար մարդ անյայտ կորսուած է ուքրանական պատերազմի ժամանակ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Անհետ կորսուածներու հարցերով միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչը: Լա Հէյի մէջ գործող կազմակերպութիւնը յուլիսին գրասենեակ բացաւ Քիեւի մէջ` օգնելու համար Ուքրանիոյ փաստաթուղթեր հաւաքելու եւ փնտռելու անհետ կորսուածները: Կազմակերպութեան Եւրոպայի տնօրէն Մեթիու Հոլիտէյի համաձայն, տակաւին յստակ չէ, թէ քանի՛ մարդ բռնի տեղահանուած...

«Սուրիոյ Վերաբերեալ Թուրքիոյ Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Կրնանք Լուծել Երկխօսութեան Ճամբով»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Սուրիոյ Վերաբերեալ Թուրքիոյ Հետ Մեր Տարակարծութիւնները Կրնանք Լուծել Երկխօսութեան Ճամբով» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը կարելիութիւն կու տայ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու Սուրիոյ շուրջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները: Երէկ «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» ծրագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հարցին մէջ տարակարծութիւններ կան», ըսած է Քրեմլինի բանբերը: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս Սոչիի բանակցութիւններուն մէջ կարելի դարձած էր դադրեցնել նման տարակարծութիւնները, ապա ստորագրուած էր...

«Արեւմուտքը Պիտի Չկարենայ Իրանի Վարչակարգը Տապալել. Լիբանանի, Իրաքի Ու Սուրիոյ Մէջ Մեր Ազդու Քաղաքականութիւնը Տապալեց Ամերիկայի Ծրագիրը»  Կ՛ըսէ Խամենէի

«Արեւմուտքը Պիտի Չկարենայ Իրանի Վարչակարգը Տապալել. Լիբանանի, Իրաքի Ու Սուրիոյ Մէջ Մեր Ազդու Քաղաքականութիւնը Տապալեց Ամերիկայի Ծրագիրը» Կ՛ըսէ Խամենէի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի ազդու քաղաքականութեան արդիւնքը այդ երկիրներուն մէջ Ամերիկայի ծրագիրի ձախողութիւնը եղաւ»,  «Իրանի միջամտութեան արդիւնքը այդ երեք երկիրներուն մէջ Ամերիկայի պարտութիւնն էր: Անոնք ուզեցին իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Իրաքը, տապալել Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ Լիբանանի մէջ վերջ տալ Հըզպալլային ու Ամալ շարժումին, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ անոնք չյաջողեցան»:...

«Մեր Շահերէն Մեկնելով` Որոշեցինք Իսրայէլի Մէջ Դեսպանատուն Բանալ, Իսկ Պաղեստինի Մէջ` Ներկայացուցչական Գրասենեակ»   Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Մեր Շահերէն Մեկնելով` Որոշեցինք Իսրայէլի Մէջ Դեսպանատուն Բանալ, Իսկ Պաղեստինի Մէջ` Ներկայացուցչական Գրասենեակ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ազրպէյճան «իր ազգային շահերէն մեկնելով որոշեց Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի մէջ ներկայացուցչական գրասենեակ մը»: Ազրպէյճան անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ որոշած է Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալ: Պաքուի քայլը մեծապէս ողջունուած էր Թել Աւիւի կողմէ, որ այս որոշումը երկու երկիրներուն միջեւ խոր յարաբերութիւնները արտացոլացնող քայլ նկատած էր: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, որոնց...

«Հիւսիսային Քորէայի Վերջնական Նպատակը Աշխարհի Հզօրագոյն Ռազմավարական Հիւլէական Ուժը Ունենալն Է»  Կ՛ըսէ Ըն

«Հիւսիսային Քորէայի Վերջնական Նպատակը Աշխարհի Հզօրագոյն Ռազմավարական Հիւլէական Ուժը Ունենալն Է» Կ՛ըսէ Ըն

Հիւսիսային Քորէայի վերջնական նպատակը «աշխարհի հզօրագոյն» ռազմավարական հիւլէական ուժին տիրապետելն է: «Քէյ.Սի.Էն.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հրամանին մէջ: «Մեր գերագոյն վերջնական նպատակը` մեր   պետութեան եւ ժողովուրդի բոլոր ժամանակներու արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը յուսալիօրէն պաշտպանելու համար նախատեսուած հիւլէական ուժեր ստեղծելն է. ասիկա մեծագոյն եւ կարեւորագոյն յեղափոխական նպատակն է: Եւ մեր վերջնական...

Իրանի Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են Խամենէիի Զարմուհին

Իրանի Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են Խամենէիի Զարմուհին

Իրանի իշխանութիւնները ձերբակալած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի զարմուհին, երբ ան իր հօրեղբօր ղեկավարած իշխանութիւնները իբրեւ «մարդասպան եւ երեխայ սպաննող վարչակարգ» նկարագրող տեսանիւթ տեսագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ֆարիտէ Մորատխանի Խամենէի կը ծագի ընտանիքի մէկ ճիւղէն, որ Իրանի հոգեւոր ղեկավարութեան հակադրուելու պատմութիւն ունի: Անոր եղբայրը` Մահմուտ Մորատխանին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ֆարիտէ...

Մաքրոնի` ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Բրիտանացիի Կամ Թուրքի Մը Նշանակումին Մերժումը Կը Զայրացնէ Բրիտանացի Երեսփոխանները

Մաքրոնի` ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Բրիտանացիի Կամ Թուրքի Մը Նշանակումին Մերժումը Կը Զայրացնէ Բրիտանացի Երեսփոխանները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բրիտանացի երեսփոխաններու զայրոյթը յառաջացուց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուալըսի` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակումը կանխարգիլելու իր ծրագիրին պատճառով: Բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես» թերթը կը հաղորդէ, որ Մաքրոն ծրագրած էր վեթոյի ենթարկել Պեն Ուալըսի կամ Բրիտանիայէն ու Թուրքիայէն որեւէ այլ անձի` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին թեկնածութիւնը: Ըստ օրաթերթին, Ֆրանսայի նախագահին մօտ այդպիսի ծրագիրի գոյութիւնը զայրացուցած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի կարգ...

Ֆրանսան Եւ Գերմանիան Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Եւ «Յառաջ Ընթանալու» Վճռականութեամբ Լեցուած Են

Ֆրանսան Եւ Գերմանիան Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Եւ «Յառաջ Ընթանալու» Վճռականութեամբ Լեցուած Են

Ֆրանսան եւ Գերմանիան յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ «յառաջ շարժելու» վճռականութեամբ լեցուած են: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերը` Եւրոպական Միութեան երկու մեծագոյն տնտեսութիւններուն միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ: «Թէ՛ Պերլինը, թէ՛ Փարիզը լեցուած են մեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու վճռականութեամբ», ըսած է Լը Մեր` Փարիզի մէջ իր գերմանացի պաշտօնակից Քրիսթիան Լինտների հետ բանակցութիւններէն առաջ:...

Եւրոպական Միութեան Ուժանիւթի Նախարարները Համաձայնած Են Ռուսական Կազը Վերցնել Միացեալ Գնումներու Համաձայնագիրներէն

Եւրոպական Միութեան Ուժանիւթի Նախարարները Համաձայնած Են Ռուսական Կազը Վերցնել Միացեալ Գնումներու Համաձայնագիրներէն

Եւրոպական Միութեան երկիրներու ուժանիւթի նախարարները համաձայնած են ռուսական կազը վերցնել միացեալ գնումներու համաձայնագիրներէն, որոնց ծաւալը 2023 թուականին պէտք է կազմէր առնուազն 13,5 միլիառ խորանարդ: ՌԲԿ կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ: «Նոր կանոնները համաշխարհային շուկաներու մէջ կազ գնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ ուժանիւթի ընկերութիւններու համար: Անդամ երկիրները ընդգծած են, որ ռուսական...

Լուքաշենքոն Յայտարարած Է, Որ Պիելոռուսիոյ Տարածք Ներխուժման Պարագային ՀԱՊԿ-ի Օգնութեան Դէմ Պիտի Չըլլայ

Լուքաշենքոն Յայտարարած Է, Որ Պիելոռուսիոյ Տարածք Ներխուժման Պարագային ՀԱՊԿ-ի Օգնութեան Դէմ Պիտի Չըլլայ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն յայտարարած է, որ Պիելոռուսիոյ տարածք ներխուժման պարագային դէմ պիտի չըլլայ ՀԱՊԿ-ի օգնութեան, սակայն յոյս ունի, որ հանրապետութիւնը պիտի կարենայ առանձին ետ մղել յարձակողը: «Ի հարկէ, մենք դէմ պիտի չըլլանք, եթէ, Աստուած մի արասցէ, ատիկա տեղի ունենայ, մենք օգնութենէն պիտի չհրաժարինք, սակայն, գիտէք, կը կարծեմ, որ նոյնիսկ այս պարագային մենք ստիպուած պիտի չըլլանք օգտուիլ ՀԱՊԿ-էն: Դուք նոյնիսկ...

«Օրիոն» Տիեզերական Սարքը Երկիր Ուղարկած Է Լուսինի Մակերեւոյթի Ուշագրաւ Լուսանկարներ

«Օրիոն» Տիեզերական Սարքը Երկիր Ուղարկած Է Լուսինի Մակերեւոյթի Ուշագրաւ Լուսանկարներ

Միացեալ Նահանգներու ազգային օդատիեզերական գործակալութիւնը` ՆԱՍԱ-ն, հրապարակած է «Օրիոն» տիեզերական սարքի ուղարկած նոր լուսանկարները, որոնք մանրամասն ցոյց կու տան լուսինի մակերեւոյթը: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Օրիոն»-ը 21 նոյեմբերին լուսինին մօտ իր առաջին թռիչքը կատարած է` նկարելով նոր լուսանկարներ: Լուսանկարները կատարուած են 130 քիլոմեթր բարձրութենէն եւ ցոյց կու տան լուսնային մակերեսի խառնարանները: Կը նշուի, որ սարքը շարժած է...

Փութին Պահանջած Է Բարելաւել Բանակին Մատակարարուող Զէնքի Քանակն Ու Որակը

Փութին Պահանջած Է Բարելաւել Բանակին Մատակարարուող Զէնքի Քանակն Ու Որակը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զինեալ ուժերու կարիքները հոգալու համար կառավարութեան առընթեր համակարգող խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին պահանջած է բարելաւել բանակին սպառազինութիւն մատակարարելու հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Փութինի համաձայն,  անհրաժեշտ է ո՛չ միայն աւելցնել զէնքի քանակը, այլ նաեւ` որակը: Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ այս առումով  չափազանց կարեւոր է սարքաւորումներ արտադրողներու եւ զանոնք օգտագործողներու միջեւ...

«Ուքրանիան Աշխուժ Ճնշում Կը Գործադրէ Վրաստանի Վրայ` Ռուսիոյ Դէմ 2-րդ Ճակատ Բանալու Համար» Կ՛ըսէ Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

«Ուքրանիան Աշխուժ Ճնշում Կը Գործադրէ Վրաստանի Վրայ` Ռուսիոյ Դէմ 2-րդ Ճակատ Բանալու Համար» Կ՛ըսէ Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ Արեւմուտքը աշխուժ ճնշում գործադրէ Վրաստանի եւ ասիական երկիրներու վրայ` երկրորդ ճակատ բանալու համար: «Սփութնիք Ճորճիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, իշխող «Վրացական երազանք` ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան երեսփոխան Կիա Վոլսքին: Լրատու գործակալութիւնը կը նկատէ, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Վրաստանին բազմիցս կոչ ուղղած են օգտուելու առիթէն եւ վերատիրանալու կորսուած տարածքներուն: Ուքրանիոյ Ազգային...

«Մոսկուան Պատրաստ Է Ասատի Եւ Էրտողանի Հանդիպումին Հարթակ Տրամադրելու»  Կ՛ըսէ Լաւրենթիեւ

«Մոսկուան Պատրաստ Է Ասատի Եւ Էրտողանի Հանդիպումին Հարթակ Տրամադրելու» Կ՛ըսէ Լաւրենթիեւ

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Մոսկուան պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին հարթակ տրամադրելու»: «Ռուսիան փորձեց Ասթանայի բանակցութիւններուն ընթացքին համոզել ետ կանգնելու գործողութենէ մը, որ կրնայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի յանգեցնել», նշեց Լաւրենթիեւ: «Պէտք է քիւրտերուն եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւն կատարել. երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցաւ, եւ...

«Ուքրանիոյ Տագնապը Կրնայ Տասնամեակներ Տեւել»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ուքրանիոյ Տագնապը Կրնայ Տասնամեակներ Տեւել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Ուքրանիոյ կացութիւնը կրնայ տասնամեակներ տեւել: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան նիւթով Անգարայի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններէն մէկուն մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Մեր կարծիքով` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը պիտի աւարտի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ ոչ թէ մարտադաշտի վրայ ունեցած յաջողութիւններու ճամբով», ըսած է Չաւուշօղլու: Թրքական դիւանագիտութեան...

Ըստ ԱՖՓ-ի.  Թուրքիան Հարուածած Է Սուրիոյ Հիւսիսը Գտնուող Ռուսական Ռազմակայաններէն Մէկը

Ըստ ԱՖՓ-ի. Թուրքիան Հարուածած Է Սուրիոյ Հիւսիսը Գտնուող Ռուսական Ռազմակայաններէն Մէկը

Թուրքիան կը շարունակէ հրթիռակոծել Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով քրտական աղբիւրները, կը պնդէ, որ 23 նոյեմբերին թրքական անօդաչու թռչող սարքէ արձակուած հրթիռներէն մէկը հարուածած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող ռուսական ռազմակայաններէն մէկը: Գործակալութեան հաղորդումով այդ պահուն ռազմակայանի տարածքին մէջ գտնուող քիւրտ զինեալներէն մէկը մահացած է, իսկ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են: 23 նոյեմբերին թրքական հարուածներու թիրախ դարձած էին նաեւ Քաթանիա...

«Լը Փուան» Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Արեւմուտքի Ձեռնածալութիւնը

«Լը Փուան» Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Նկատմամբ Արեւմուտքի Ձեռնածալութիւնը

Ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթի փոխխմբագիր Էթիեն Ժեռնել օրաթերթի 24 նոյեմբերի թիւի խմբագրականին մէջ «Մսավաճառ Էրտողանն ու քնաշրջիկ Արեւմուտքը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Մրափը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ մահաբեր սովորութիւն կը դառնայ»: Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախագահը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական դիրքերու ռմբակոծումին ձեռնարկած է եւ կը խոստանայ այդտեղ կանգ չառնելով ցամաքային գործողութեան ձեռնարկել: Այս բոլորին մէջ...

Քոսովոն Եւ Սերպիան Ինքնաշարժներու Թիւերու Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Քոսովոն Եւ Սերպիան Ինքնաշարժներու Թիւերու Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցին

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Քոսովոն եւ Սերպիան ինքնաշարժներու թիւերու երկու տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Արեւմուտքը զգուշացուցած էր, որ այդ խնդիրը կրնայ ազգամիջեան բռնարարքներու յանգեցնել: Պորել Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ գրեց. «Համաձայնութիւն ունինք»: «Շատ ուրախ եմ Քոսովոյի եւ Սերպիոյ աւագ պատուիրակներուն միջեւ յաւելեալ...

Page 231 of 882 1 … 230 231 232 … 882

Արխիւներ