Հնդկաստանը կատարած է «Ակնի-3» թեւաւոր հրթիռի փորձառական արձակում. հրթիռը կրնայ կրել հիւլէական մարտագլխիկ: Այս մասին հաղորդած է «Ինտիըն Էքսփրես» օրաթերթը` յղում կատարելով հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան:
Հրթիռը արձակուած է Ապտուլ Քալամ կղզիի թռիչքադաշտէն, որ կը գտնուի հնդկական Օտիշա նահանգի արեւելքը, Պենկալեան ծոցին մէջ:
«Հնդկաստան կատարած է միջին հեռահարութեան «Ակնի-3» թեւաւոր հրթիռի յաջող փորձառական արձակում: Փորձարկումը մէկ մասն է կանոնաւոր ուսումնական արձակումներու, զորս կ՛իրականացնէ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը», օրաթերթը մէջբերած է պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը:
«Ակնի-3»-ը ունի 3500 քիլոմեթր հասողութիւն: 17 մեթր երկարութեամբ հրթիռը, որուն տրամագիծը 2 մեթր է, իսկ մեկնարկային կշիռը` 50 թոն, արդէն գոյութիւն ունի Հնդկաստանի սպառազինութեան մէջ:


