Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գերմանիան Կ՛ուզէր, Որ Ուքրանիան Արագ Պարտուէր, Ֆրանսան Մինչեւ Վերջին Պահը Կը Ժխտէր, Իտալիան Չէր Ուզեր Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

November 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Պորիս Ճոնսըն շարք մը աղմկայարոյց յայտարարութիւններ կատարած է եւրոպական երկիրներու` Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ դիրքորոշման մասին:

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ ըստ Ճոնսընի, Գերմանիան կ՛ուզէր, որ Ուքրանիան արագ պարտութիւն կրէր, մինչդեռ Ֆրանսան մինչեւ վերջին պահ «կը ժխտէր» Ռուսիոյ ներխուժման հաւանականութիւնը, քանի տակաւին ռուսական զօրքերը չէին կտրած սահմանը:

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը ըսած է, որ 24 փետրուարի ներխուժումէն առաջ պատերազմող երկիրները լարուածութեան վերաբերեալ տարբեր կարծիքներ ունեցած են: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ան առանձնացուցած է Եւրոպական Միութեան մեծագոյն երկիրներէն երեքը:

«Ըստ Գերմանիոյ տեսակէտին, եթէ ատիկա տեղի ունենար, ապա աղէտ պիտի ըլլար, եւ այդ պարագային աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ ամբողջ գործը արագ աւարտէր, եւ Ուքրանիան պարտուէր: Ես կը կարծէի, որ ատիկա աղէտալի տեսակէտ է: Սակայն կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ անոնք այդպէս կը մտածէին», ըսած է Ճոնսըն` նկատի ունենալով ուժանիւթային առումով Պերլինի` Մոսկուայէն կախեալութիւնը:

Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ Գերմանիան, ռուսական ներխուժումէն ի վեր, փորձած է նուազեցնել իր կախեալութիւնը, սակայն երկրին տակաւին ծանր ձմեռ կը սպասէ:

«Չկասկածիք, որ ֆրանսացիները մինչեւ վերջին պահ կը ժխտէին (Ռուսիոյ ներխուժման հաւանականութիւնը)», շարունակած է Ճոնսըն:

Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը նաեւ ըսած է, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը նախկին վարչապետ Մարիօ Տրակիի օրերուն «որոշ փուլի մէջ պարզապէս կ՛ըսէր, որ իրենք պիտի չկարենան աջակցիլ Բրիտանիոյ դիրքորոշումին»:

Ան Իտալիոյ դժկամութիւնը կապած է ռուսական կազէն կախեալութեան: Սակայն նախկին վարչապետը ըսած է, որ Արեւմուտքը շուտով հասկցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կարելի չէ բանակցիլ, եւ անհրաժեշտ է միասնական ճակատ կազմել:

Ըստ Ճոնսընի, ներխուժումէն ետք «Եւրոպական Միութիւնը փայլուն կերպով գործած է»` աւելցնելով. «Իմ բոլոր մտահոգութիւններէս ետք… ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ Եւրոպական Միութեան գործելաոճին»:

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերը մերժած է մեկնաբանել Ճոնսընի յայտարարութիւնը, իսկ Էլիզէի պալատէն չեն պատասխանած հարցումներուն: Մեկնաբանութիւններու համար օրաթերթը դիմած է նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Տրակիի մօտիկ աղբիւրներուն:

Նախորդը

«Ուքրանիան Տակաւին Պէտք Է Ազատագրէ Ռուսիոյ Կողմէ Գրաւուած Շուրջ 2000 Գիւղ Եւ Քաղաք» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Գերագոյն Դատարանը Սկովտիոյ Կառավարութեան Արգիլած Է Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.