Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պաշտօնական այցելութիւն տուած է Սերպիա: Պելկրատի օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պելկրատի համաձայն, այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են նախագահներու մակարդակով երկկողմանի բանակցութիւններ, որոնց պիտի յաջորդէ երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրում:
Կողմերը այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած:
Ալիեւ Պելկրատ հասած է իր սերպ պաշտօնակիցին հրաւէրով, Վուչիչ օգոստոսին յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ ուժանիւթի եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ Սերպիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման տեսանկիւնէն:
«Սերպիան եւ Ազրպէյճանը միջազգային բեմի վրայ միշտ իրարու կ՛աջակցին», յայտարարեց Ալիեւ:
Ալիեւ եւ Վուչիչ իրենց հանդիպումէն ետք ընդլայնուած կազմով արարողութեան ընթացքին ստորագրեցին «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահի միացեալ յայտարարութիւն»-ը, «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Սերպիոյ Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորհուրդի ստեղծման մասին յուշագիր»-ը եւ ատոր կից «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Սերպիոյ Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորհուրդի կանոնակարգ» յաւելուածը: