Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն ըսած է, որ Իրանի մէջ երկու ամիսէ ի վեր պայքարող ընդդիմադիր ցուցարարները կը զինուին: Ըստ անոր, ընդդիմադիրները զէնք կը ստանան իրաքեան Քիւրտիստանէն:
Իրանեան «Փրես» պատկերասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլթըն այս մասին ըսած է «Պի.Պի.Սի.»-ի Լոնտոնէն հեռարձակուող իրանեան ծառայութեան:
Պոլթըն, որ տարիներ շարունակ գլխաւորած է Թրամփի հակաիրանեան քաղաքականութիւնը, յոյս յայտնած է, որ Իրանի մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերը, որոնք բռնկած են ոստիկանական կալանքի տակ գտնուած երիտասարդ կնոջ մահէն ետք, պիտի յանգեցնեն «վարչակարգի փոփոխութեան»:
Պոլթընի համաձայն, ընդդիմադիրներու «համակարգուած ջանքերու հեռանկարը» ո՛չ միայն բողոքելն է, այլ նաեւ հարկադրական ուժ կիրարկելը Իրանի կառավարութեան դէմ` տեղ հասցնելու «պատգամ»-ը, թէ իրենք այլեւս անզէն չեն եւ կրնան դիմակայել Յեղափոխական պահակագունդը:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Իրանի մէջ հակակառավարական ցոյցերու աւելի քան 1000 մասնակիցի դէմ դատական վճիռներ արձակուած են: 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր Իրանի հոգեւոր ղեկավարներու համար մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը եղող ցոյցերը արդէն 7 շաբաթէ ի վեր կը շարունակուին:


