Թեհրան կը քննադատէ ՄԱԿ-ի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան բանաձեւը, որ Իրանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ համագործակցելու երկրի չյայտարարագրուած կառոյցներուն մէջ իւրանիոմի հետքերու քննութեան ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Նասեր Քենաանիի համաձայն, Թեհրանը արեւմտեան երկիրներուն նախազգուշացուցած է հետեւանքներու մասին` պնդելով, որ փաստաթուղթի նպատակը «Իրանի նկատմամբ ճնշումները մեծցնելն է»:
Հիւլէական գործարքի վերականգնման հարցով բանակցութիւններուն մէջ Իրանի գլխաւոր պահանջներէն մէկը իրանեան երեք կառոյցներու մէջ յայտնաբերուած շողարձակ հետքերու ծագման հարցով հետաքննութիւնը փակելն է:
Միջազգային գործակալութիւնը կը պնդէ, որ Իրանը այդ հարցով մինչեւ օրս համոզիչ բացատրութիւններ չէ ներկայացուցած, եւ որ պատրաստ է փակելու հետաքննութիւնը, եթէ Թեհրանէն պաշտօնական բացատրութիւն ստանայ: