Ցորենի գործարքի իրականացումը ցոյց տուած է, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան դիւանագիտական լուծումը կարելի է», այս մասին Պոլսոյ մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Այս դժուար օրերուն, երբ մարդասիրական արժէքները ենթարկուած են փորձութիւններու, Թուրքիան իր միջոցները առաջարկած է անոնց, որոնք ատոր կարիքը ունեցած են:
«Մենք առաջին օրէն եռանդուն կերպով աշխատած ենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմի դադրեցման ուղղութեամբ: Մենք ցոյց տուած ենք, որ դիւանագիտական լուծումը կարելի է` Սեւ ծովուն ճամբով ցորենի միջանցքի եւ գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնագիրի շնորհիւ:
«Համաճարակով սկսած եւ ուժանիւթի գիներու աճով խորացող ճգնաժամը կը շարունակուի` նոր տարողութիւններ ձեռք բերելով», ըսած է Էրտողան:
Ցորենի գործարքը, որ 22 յուլիսին ստորագրած են Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները, կ՛ենթադրէ ուքրանական ցորենի, պարէնի եւ պարարտանիւթերու արտածում Սեւ ծովու երեք նաւահանգիստներէն, ներառեալ Օտեսայէն: Համաձայնագիրի ժամկէտը կ՛աւարտէր 18 նոյեմբերին, սակայն կ՛ենթադրուէր 120 օրով ինքնըստինքեան երկարաձգում, կողմերէն որեւէ մէկուն առարկութեան բացակայութեան պարագային:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ «նման առարկութիւններ չէ ստացած»` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ ռուսական կողմը կը նախատեսէ ուքրանական ցորենի արտածման «սեւծովեան նախաձեռնութեան» թեքնիք երկարաձգում` առանց ժամկէտի եւ ընդգրկման որեւէ փոփոխութեան:


