Ֆրանսան եւ Գերմանիան յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ «յառաջ շարժելու» վճռականութեամբ լեցուած են: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերը` Եւրոպական Միութեան երկու մեծագոյն տնտեսութիւններուն միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ:
«Թէ՛ Պերլինը, թէ՛ Փարիզը լեցուած են մեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու վճռականութեամբ», ըսած է Լը Մեր` Փարիզի մէջ իր գերմանացի պաշտօնակից Քրիսթիան Լինտների հետ բանակցութիւններէն առաջ:
«Ամէն օր կ՛աշխատինք, որպէսզի ճամբայ հարթենք դէպի հասարակաց հիմք` համաձայնագիրներով յառաջ շարժելու համար, որովհետեւ մենք այլ ելք չունինք, բացի յառաջ շարժիլը», ըսած է Լը Մեր:
Վերջին շրջանին ֆրանս-գերմանական յարաբերութիւնները սրած են տարակարծութիւններու պատճառով` սկսած ուժանիւթային քաղաքականութենէն, պաշտպանական գնումներէն մինչեւ հակասղաճային քայլեր, ինչ որ անցեալ ամիս Լը Մերին ստիպած է կոչ ուղղելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «վերբեռնելու»:
Լինտներ Գերմանիոյ երկրորդ բարձրաստիճան նախարարն է, որ այս շաբաթ այցելած է Փարիզ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի յունուարին սպասուող հանդիպումէն առաջ մերձեցման ջանքերու ծիրին մէջ:
Սկիզբը կ՛ենթադրուէր, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցի հետ:


