Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնի` ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Բրիտանացիի Կամ Թուրքի Մը Նշանակումին Մերժումը Կը Զայրացնէ Բրիտանացի Երեսփոխանները

November 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բրիտանացի երեսփոխաններու զայրոյթը յառաջացուց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուալըսի` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակումը կանխարգիլելու իր ծրագիրին պատճառով:

Բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես» թերթը կը հաղորդէ, որ Մաքրոն ծրագրած էր վեթոյի ենթարկել Պեն Ուալըսի կամ Բրիտանիայէն ու Թուրքիայէն որեւէ այլ անձի` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին թեկնածութիւնը:

Ըստ օրաթերթին, Ֆրանսայի նախագահին մօտ այդպիսի ծրագիրի գոյութիւնը զայրացուցած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի կարգ մը անդամները:

Իշխող Պահպանողական կուսակցութենէն երեսփոխան Անտրիւ Պրիճըն յայտնեց, որ Մաքրոնի անկլոֆոպիան յուսախաբեցնող է, «սակայն առնուազն ատոր մէջ հաստատամիտ է»:

Ան աւելցուց, որ Ուալըս «ամբողջովին» յարմար է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին, եւ անոր բրիտանական կառավարութենէն դուրս գալը «կորուստ» պիտի ըլլայ:

Պահպանողական այլ անանուն երեսփոխան մը յայտնեց, որ Փարիզի կեցուածքը հարցականներ կը ստեղծէ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի դիրքորոշումին վերաբերեալ. ան Մաքրոնը «բարեկամ» որակած էր:

Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու խմբակի փոխնախագահ Տէյվիտ Ճոնզ իր կարգին յայտնեց, որ Բրիտանիան ՕԹԱՆ-ի մէջ երկրորդ մեծագոյն ներդրում ունեցող եւ Եւրոպայի մէջ զինուորական մեծագոյն ուժը ունեցող երկիրն է` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ այդ դերակատարութիւնը իտէալական է անոր (Ուալըսի, «Ա.») համար, եթէ ուզածը այդ է»:

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը նախապէս անանուն պաշտօնատարներու խօսքերը մէջբերելով հաղորդած էր, որ ՕԹԱՆ-ը փետրուարին կրնայ սկսիլ քննարկել նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հարցը` նկատի ունենալով, որ Ենս Սթոլթենպերկին նստաշրջանը կ՛աւարտի սեպտեմբերին:

Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, այդ պաշտօնին թեկնածուներու շարքին են Քանատայի փոխվարչապետ Քրիսթինա Ֆրայլընտը, Էսթոնիոյ վարչապետ Քայա Քալասը, Լեհաստանի նախկին վարչապետ Տոնալտ Թուսքը, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզը, Լիթուանիոյ վարչապետ Ինկրիտ Սիմոնիթին եւ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Մարիօ Տրակին:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսան Եւ Գերմանիան Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Եւ «Յառաջ Ընթանալու» Վճռականութեամբ Լեցուած Են

Յաջորդը

Իրանի Իշխանութիւնները Ձերբակալած Են Խամենէիի Զարմուհին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.