Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զինեալ ուժերու կարիքները հոգալու համար կառավարութեան առընթեր համակարգող խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին պահանջած է բարելաւել բանակին սպառազինութիւն մատակարարելու հոլովոյթը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Փութինի համաձայն, անհրաժեշտ է ո՛չ միայն աւելցնել զէնքի քանակը, այլ նաեւ` որակը:
Երկրի ղեկավարը ընդգծած է, որ այս առումով չափազանց կարեւոր է սարքաւորումներ արտադրողներու եւ զանոնք օգտագործողներու միջեւ անմիջական համագործակցութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ կ՛ակնկալէ հանդիպումի ընթացքին լսել, թէ այդ մեքանիզմը ինչպէ՛ս կ՛աշխատի: