Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Մոսկուան պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին հարթակ տրամադրելու»:
«Ռուսիան փորձեց Ասթանայի բանակցութիւններուն ընթացքին համոզել ետ կանգնելու գործողութենէ մը, որ կրնայ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի յանգեցնել», նշեց Լաւրենթիեւ:
«Պէտք է քիւրտերուն եւ Դամասկոսի միջեւ երկխօսութիւն կատարել. երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցաւ, եւ ծրագիր գոյացաւ, եւ Ռուսիան կը յուսայ, որ անոնց միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի կ՛ունենայ», յայտնեց ան:
Նշենք, որ «Սփութնիք» երէկ հաղորդեց, որ Գամիշլիի վրայ կատարուած թրքական ռմբակոծման պատճառով մահացած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու պաշտպանութեան նախարարն ու անոր երկու թիկնապահները:


