Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Աշխուժ Ճնշում Կը Գործադրէ Վրաստանի Վրայ` Ռուսիոյ Դէմ 2-րդ Ճակատ Բանալու Համար» Կ՛ըսէ Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

November 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ Արեւմուտքը աշխուժ ճնշում գործադրէ Վրաստանի եւ ասիական երկիրներու վրայ` երկրորդ ճակատ բանալու համար: «Սփութնիք Ճորճիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, իշխող «Վրացական երազանք` ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան երեսփոխան Կիա Վոլսքին:

Լրատու գործակալութիւնը կը նկատէ, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները Վրաստանին բազմիցս կոչ ուղղած են օգտուելու առիթէն եւ վերատիրանալու կորսուած տարածքներուն:

Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով առաջիններէն մէկն էր, որ Վրաստանին կոչ ուղղած է Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ բանալու: Ատիկա, անոր համաձայն, մեծապէս պիտի օգնէ Ուքրանիոյ:

«Ուքրանիոյ իշխանութիւնները որոշած են, որ Վրաստանը պատերազմի մէջ ներքաշելը Ռուսիոյ համար լուրջ խնդիրներ ստեղծելու կարեւորագոյն լծակներէն մէկը պիտի ըլլայ: Ուքրանիան Արեւմուտքէն ո՛չ միայն զէնք կը պահանջէ, այլ նաեւ աշխուժ ճնշում կը գործադրէ Վրաստանի վրայ` երկրորդ ճակատ բանալու համար: Եւ ո՛չ միայն Վրաստանի, քննարկուած են նաեւ Ասիոյ երկիրներու անուններ», ըսած է Վոլսքի:

«Անոնք հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ ժողովուրդը լաւ է, սակայն իշխանութիւնը լաւ չէ, կարծես թէ ժողովուրդը չէ, որ այս իշխանութիւնները ընտրած է», աւելցուց Վոլսքի:

«Կայ մէկ ինքնայայտ ճշմարտութիւն` պէտք է հաշուի առնել վատագոյն դէպքը, որ կրնայ պատահիլ ձեր երկրին հետ: Համաշխարհային քաղաքականութիւնը այնքան սառնասիրտ ու գործնապաշտական է, որ երբ խօսքը կը վերաբերի երկրի շահերուն, անոնց համար բացարձակապէս նշանակութիւն չկայ», ըսած է վրացի քաղաքական գործիչը:

Նախորդը

Մոնտիալ 2022

Յաջորդը

Փութին Պահանջած Է Բարելաւել Բանակին Մատակարարուող Զէնքի Քանակն Ու Որակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.