Սահմանազատման Շուրջ Վրաց-Ազրպէյճանական Քննարկումները Վերսկսած Են
Սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ պաշտօնական քննարկումները Պաքուի եւ Թիֆլիսի միջեւ վերսկսած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, այս նիւթը քննարկուած է երկուշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ` երկկողմանի վրաց-ազրպէյճանական քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին: Նշեալ խորհրդակցութիւններուն մասնակցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարներ Լաշա Տարսալիան եւ Խալաֆ Խալաֆովը: «Բանակցութիւններու ընթացքին...




















