Գահիրէի մէջ իրանեան շահերու հետապնդման գրասենեակի ղեկավար Մոհամետ Հիւսէյն Սուլթանիֆար յայտնեց, որ Իրանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը դրական շատ կարեւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ արաբ-իրանեան յարաբերութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն վրայ:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուլթանիֆար իրանեան «Նաքահ նու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է, որ Իրան եւ Եգիպտոս կը փորձեն իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները բարձրացնել դեսպաններու մակարդակին:
Ըստ անոր, այդ քայլին դրական ազդեցութիւնը «նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ իրանեան-արաբական մակարդակին վրայ, երկրորդ` շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Պաղեստինի մէջ, զարգացումներու մակարդակին վրայ»:
«Նկատի ունենալով Եգիպտոսի եւ Իրանի դիրքը, չենք կրնար ըսել, որ Գահիրէի եւ Թեհրանի միջեւ փոխհասկացողութիւնը Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տեղի ունեցածը պիտի ըլլայ, սակայն կրնանք ըսել, որ ատկէ կրնայ ազդուիլ», աւելցուց Սուլթանիֆար:


