Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Թեհրան

June 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը շաբաթ օր այցելեց Թեհրան, ուր երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Ռայիսի հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ իսլամական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը` աւելցնելով. «Իսլամներու թշնամիները, մասնաւորաբար սիոնական գոյացութիւնը, կ՛ընդդիմանան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գործակցութեան զարգացման»:

Ռայիսի նշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Իրանի յաջող փորձառութիւնը կրնայ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ գործակցութեան առանցքը ըլլալ:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ենթահող կը պատրաստէ ներկայ ոսկեայ փուլէն օգտուելու: «Իսլամական երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը օտարներուն մեր շրջանի գործերուն չմիջամտելու երաշխիքն է», ըսաւ ան:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պըն Ֆարհան Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորի եւ անոր գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանի ողջոյններն ու գնահատանքը յայտնած է, ինչպէս նաեւ` «եղբայրական Իրանի կառավարութեան ու ժողովուրդին յաւելեալ յառաջընթացի ու բարգաւաճման մաղթանքները:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ արծարծուած են շրջանային ու միջազգային բեմերու վրայ վերջին զարգացումներն ու անոնց ուղղութեամբ թափուող ջանքերը:

Նախքան այդ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ, եւ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտած երկու երկիրներուն միջեւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Ան նաեւ յայտնած էր, որ Իրանի նախագահին պիտի յանձնէ Սէուտական Արաբիա այցելելու Սալման թագաւորի հրաւէրը:

Պըն Ֆարհան յայտնեց, որ Թեհրան իր այցելութիւնը շարունակութիւնն է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութեան` աւելցնելով, որ իր երկիրը մօտ օրէն պիտի բանայ Իրանի մէջ իր դեսպանատունը:

Ապտոլլահեան իր կարգին նշեց. «Թեհրան եւ Ռիատ փոխանակեցին երկու երկիրներուն միջեւ դեսպաններուն անունները եւ աշխատանք կը տանին զանոնք վաւերացնելու»:

Նախորդը

Պլինքըն Չինաստան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.