Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր չին պաշտօնակից Ցին Կանի հետ: Կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ համաշխարհային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարարը քննարկած է հաղորդակցութեան բաց ուղիներու պահպանման կարեւորութիւնը` Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան յարաբերութիւնները պատասխանատու կերպով կառավարելու համար, խուսափելու սխալ հաշուարկներէ եւ տագնապէ, անդրադարձած է երկկողմանի եւ համաշխարհային շարք մը խնդիրներու եւ յստակացուցած, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օգտագործել դիւանագիտական յարաբերութիւնները` մտահոգութիւն ներկայացնող ոլորտները, ինչպէս նաեւ հաւանական համագործակցութեան ոլորտները քննարկելու համար», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Կողմերուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հաղորդած է նաեւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է չմիջամտելու երկրի ներքին գործերուն: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ցին Կան յստակացուցած է պաշտօնական դիրքորոշումները Չինաստանի այնպիսի հիմնական մտահոգութիւններու վերաբերեալ, ինչպիսին Թայուանն է, ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է յարգեն զանոնք, դադրեցնեն Չինաստանի ներքին գործերուն միջամտութիւնը եւ դադրին խարխլել Չինաստանի գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնը եւ զարգացումը` յանուն մրցակցութեան», նշուած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Փոլիթիքօ»-ն վերջերս յղում կատարելով աղբիւրներու հաղորդած էր, որ Պլինքըն կը նախատեսէ յաջորդ շաբաթ Չինաստան այցելել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը վերջին շրջանին կը փորձէր վերսկսիլ Փեքինի հետ դիւանագիտական եւ զինուորական հաղորդակցութեան, որ խաթարուած էր փետրուարին, երբ Միացեալ Նահանգներ վար առին Չինաստանի` ենթադրաբար լրտեսական օդապարիկը: Այն ժամանակ ծրագրուած էր Պլինքընի Չինաստան այցելութիւնը, սակայն այցելութիւնը յետաձգուած էր օդապարիկի առնչուած լարուածութեան պատճառով: