Ելըն. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտն ու Միջազգային Դրամատունը Ամերիկեան Արժէքները Արտացոլող Հաստատութիւններ Են Եւ Չինաստանի Զուգահեռ Ուժեր»
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճանեթ Ելըն յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային դրամատան նման ելեւմտական միջազգային հաստատութիւնները «ամերիկեան արժէքները կ՛արտացոլեն», եւ Չինաստանի նման այլ կողմերէն վարկերու ստացման գործողութիւններուն զուգահեռ ուժեր են: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն այդպիսի կազմակերպութիւններուն յաւելեալ փոխատուութիւն կատարելու վերաբերեալ աջակցութիւն ստանալու համար Ներկայացուցիչներու տան ելեւմտական ծառայութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր կատարած յայտարարութեան մէջ ան նշեց, որ այդ կառոյցները «Չինաստանի...




















