Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Բրիտանիա: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Կը սպասուին հանդիպումներ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, ելոյթներ վերլուծական կեդրոններու մէջ:
Պայրամով նաեւ պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած խորհրդաժողովին: