Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Չեն Աջակցիր Թայուանի Անկախութեան Եւ Մտադիր Չեն Չինաստանի Հետ Տագնապի Մէջ Մտնել»

Յունիս 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն չ՛աջակցիր Թայուանի անկախութեան: Այս մասին Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

«Միացեալ Նահանգներ չեն աջակցիր Թայուանի անկախութեան եւ մտադիր չեն Չինաստանի հետ տագնապի մէջ մտնել», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն չի ձգտիր նոր Պաղ պատերազմի եւ չ՛ուզեր փոխել Չինաստանի վարչակարգը:

Նշենք, որ չինական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի Պլինքընի հետ շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն պէտք է երկխօսութեան ու ճակատումին, «գործակցութեան ու տարակարծութեան» միջեւ ընտրանք կատարէ: Ան Պլինքընի հետ քննարկումները որակած է «անկեղծ եւ խոր»:

Շի Ճինփինկ իր կարգին յայտնեց. «Պետութիւններու միջեւ հաղորդակցութիւնը միշտ պէտք է տեղի ունենայ փոխադարձ յարգանքի եւ անկեղծութեան հիման վրայ»:

Չինաստանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ Պլինքընի Փեքին այցելութիւնը նպաստէ կայունութեան:

«Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ շարք մը հարցերու շուրջ յառաջընթաց արձանագրեցին եւ համաձայնութիւններ գոյացուցին, ինչ որ շատ լաւ բան է», ըսաւ Ճինփինկ:

«Մարդկութեան ապագան եւ ճակատագիրը կախեալ են անկէ, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը պիտի կարենա՞ն գտնել համակեցութեան ճիշդ ուղին», ընդգծեց Չինաստանի նախագահը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չինաստան իր այցելութեան աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Չինաստանի հետ քննարկումը երկկողմանի յարաբերութիւններու կառավարման լաւագոյն միջոցն է»:

«Չինացի պաշտօնատարներուն յայտնեցի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու համար Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու կարեւորութիւնը», ըսաւ Պլինքըն:

«Չենք ընդունիր Թայուանի մէջ ներկայ կացութեան փոփոխութիւնը եւ խաղաղ լուծումին կը զօրակցինք», յայտնեց ան:

«Չինացի պաշտօնատարներուն ներկայացուցի չինական ընկերութիւններու վարմունքին նկատմամբ ամերիկեան մտավախութիւնները», ըսաւ Պլինքըն` նշելով. «Կը զօրակցինք համաշխարհային հեզասահ մատակարարման ապահովման, ըստ արդար առեւտուրի սկզբունքին»:

«Ամերիկեան ընկերութիւնները կ՛ուզեն չինական շուկային մէջ մնալ, եւ այլ բան վտանգաւոր հարց պիտի ըլլայ», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` ընդգծելով. «Համաշխարհային սննդական անվտանգութեան երաշխաւորման եւ Ուքրանիայէն հացահատիկի արտածման շարունակման Չինաստանի աջակցութեան կը վստահինք»:

«Չինաստանի հետ մեր բարդ յարաբերութիւնները դիւանագիտական միջոցներով կը կառավարենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրեցի Ուաշինկթըն` շարունակելու համար քննարկումները, եւ չին պաշտօնատարներուն յայտնեցի, որ Ուաշինկթըն Չինաստանը տնտեսական գետնի վրայ սանձելու նպատակ չունի: Չինաստանի հետ տնտեսական գործակցութիւնը ի շահ բոլորին է»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Չինաստան կը հաստատէ, որ իր արտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթըն պիտի այցելէ:

Նախորդը

Քաթար Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Որոշեցին Վերականգնել Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնն Ու Վերաբանալ Դեսպանատուները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?