Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիան Երկու Շաբթուան Ընթացքին 8 Բնակավայրերու Ազատագրումը Կը Յայտարարէ

June 20, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիար յայտնած է, որ Պերտիանսքի եւ Մելիթոփոլի ուղղութիւններով երկու շաբթուան հակայարձակողական գործողութիւններու ընթացքին ազատագրուած է ութ բնակավայր` Նովոտարովքան, Լեւատնոյէն, Սթորոժնեւոն, Մաքարովքան, Պլակոտաթնոյէն, Լոպքովոյէն, Նեսքուչնոյէն, Փիաթիխաթքին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ռուսական աղբիւրները կիրակի օր խոստովանած են Զափորոժիէի հարաւը գտնուող Փիաթիխաթքի գիւղի կորուստը: Այս մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ կողմէ նշանակուած Զափորոժիէի շրջանի ղեկավար Վլատիմիր Ռոկովը:

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիրակի առաւօտեան յայտարարած էր, որ ուքրանական զօրքերու` Փիաթիխաթքի գրոհելու փորձը ետ մղուած է:

Մալիարի համաձայն, ընդհանուր առմամբ, Թաւրիտի ուղղութեամբ ուքրանացի զինուորները յառաջ շարժած են մինչեւ 7 քիլոմեթր, իսկ հարաւի մէջ ազատագրուած տարածքը կը կազմէ 113 քառակուսի քիլոմեթր:

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ Դէմ Է
Ռուսիոյ Պայմաններով Խաղաղութեան»

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ հակառակ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները որքան կարելի է շուտ դադրեցնելու ցանկութեան, դաշինքը դէմ է տագնապը սառեցնելուն եւ Ռուսիոյ կողմէ թելադրուած պայմաններ ընդունելուն: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Ուքրանիան իրաւունք ունի ազատագրել իր հողը, այս պահուն հակայարձակումը կը շարունակուի: Ուքրանացիները որքան շատ տարածքներ կարենան ազատել, բանակցութիւններու սեղանին շուրջ անոնց դիրքերը այնքան ամուր պիտի ըլլան: Մենք բոլորս կը ցանկանք այս պատերազմի աւարտը, սակայն արդար խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ տագնապի սառեցումով եւ Ռուսիոյ կողմէ թելադրուած պայմաններու ընդունումով», ըսած է Սթոլթենպերկ:

 

Նախորդը

Պայրամով Մեկնած Է Բրիտանիա

Յաջորդը

Քաթար Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Որոշեցին Վերականգնել Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնն Ու Վերաբանալ Դեսպանատուները

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.