Թուրքիոյ նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարած է, որ Շուէտը պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար մատրիտեան հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Կիւլեր շաբաթ օր յայտնած է, որ ուրբաթ օր Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն յայտնած է Անգարայի դիրքորոշումը:
«Մենք ըսած ենք, որ Սթոքհոլմի հետ հանդիպումներուն մէջ մեր աջակցութիւնը յայտնած ենք ՕԹԱՆ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան եւ նշած, որ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային Շուէտն ալ Ֆինլանտային նման կրնայ անդամակցիլ դաշինքին», ըսած է նախարարը:
Թուրքիան, Շուէտն ու Ֆինլանտան անցեալ տարուան 28 յունիսին Մատրիտի մէջ կնքած են եռակողմ հռչակագիր մը, որուն համաձայն սկանտինաւեան երկու երկիրները պարտաւորուած են հզօրացնելու պայքարը ահաբեկչութեան դէմ, արտայանձնել Թուրքիոյ մէջ յանցագործներ նկատուող ամբաստանեալները, չսատարել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ կրօնական ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդներուն: Այդ պարագային Թուրքիան պիտի չառարկէ սկանտինաւեան երկու երկիրներու ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան:
Ֆինլանտան 4 ապրիլ 2023-ին պաշտօնապէս անդամակցած է ՕԹԱՆ-ին:


