Միջազգային

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու Անվտանգութեան Հարցեր

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու Անվտանգութեան Հարցեր

22 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Զաքիր Հասանովի եւ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերի միջեւ: Այս մասին յայտնած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կողմերը «միտքերու հանգամանալի փոխանակում կատարած են շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ»: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ «երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները»: Պաղերի պաշտօնական...

Յունաստանի Մէջ Մէկ Օրուան Մէջ Անտառային Հրդեհներու 93 Օճախ Յառաջացած Է

Յունաստանի Մէջ Մէկ Օրուան Մէջ Անտառային Հրդեհներու 93 Օճախ Յառաջացած Է

Յունաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ անտառային հրդեհներու աւելի քան 90 նոր օճախ յառաջացած է` հիմնականին մէջ տաք եղանակին եւ ուժեղ քամիին պատճառով: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է հրշէջ ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչ Եանիս Արթոփիոս: «Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է 93 նոր բնական հրդեհ: Անոնց մեծ մասը անմիջապէս մարուած է», ըսած է Արթոփիոս: Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը  գտնուող Ալեքսանտրուփոլիս...

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Երկուշաբթի ուշ գիշերին սուրիացի զինուոր մը վիրաւորուեցաւ, երբ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին վրայ իսրայէլեան հրթիռային յարձակում կատարուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, որ Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռային յարձակում մը գործած է` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի մերձակայքը, եւ սուրիացի զինուոր մը վիրաւորած է ու նիւթական վնասներ պատճառած: Զինուորական աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած...

Ապտալլա Անզի Նշանակուած Է Իրանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Ապտալլա Անզի Նշանակուած Է Իրանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Օմանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա պըն Սէուտ Անզի նշանակուած է Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպան: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրներ «Մեհր»-ին յայտնած են, որ Անզիի` Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնին թեկնածութեան որդեգրումը ցոյց կու տայ, որ երկու կողմերուն մօտ փափաք կայ ապագային տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, որովհետեւ ան տնտեսական մեծ անձնաւորութիւն է: Իրանի...

Ալճերիան Կը Մերժէ Նիկերը Հարուածելու Համար Իր Օդային Տարածքը Օգտագործելու Ֆրանսայի Դիմումը

Ալճերիան Կը Մերժէ Նիկերը Հարուածելու Համար Իր Օդային Տարածքը Օգտագործելու Ֆրանսայի Դիմումը

Ալճերիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ալճերիական իշխանութիւնները մերժած են Ալճերիոյ օդային տարածքը Նիկերին վրայ յարձակում գործելու համար օգտագործելու Ֆրանսայի դիմումը: «Ֆրանսան կը պատրաստուի գործադրելու Նիկերի զինուորական խորհուրդին դէմ իր սպառնալիքները զինուորական միջամտութիւն կատարելու, եթէ նախագահ Մոհամետ Պազում ազատ չարձակուի», նշեց պատկերասփիւռի կայանը: «Ալճերիան միշտ ալ ուժի կիրարկման դէմ եղած է, եւ չընդառաջեց Նիկերի վրայ յարձակում գործելու համար ալճերիական օդային...

Էրտողան. «ՄԱԿ-ը Պէտք Է Նպաստէ Կիպրոսի Բոլոր Կողմերու Մարդասիրական Կարիքներու Լուծման»

Էրտողան. «ՄԱԿ-ը Պէտք Է Նպաստէ Կիպրոսի Բոլոր Կողմերու Մարդասիրական Կարիքներու Լուծման»

«Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» գերիշխան տարածքին մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Այս մասին նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան նշած է, որ «ապակայունացնող վարքագիծի փոխարէն» ՄԱԿ-ը պէտք է օգնէ «լուծելու կղզիի բոլոր կողմերուն մարդասիրական կարիքները»: Էրտողան աւելցուցած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ պաշտպանել այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան իրաւունքները:...

Գալիլիոյ Մէջ Իսրայէլացի Բնակեցուած Մը Սպաննուեցաւ Եւ Ուրիշ Մը Վիրաւորուեցաւ

Գալիլիոյ Մէջ Իսրայէլացի Բնակեցուած Մը Սպաննուեցաւ Եւ Ուրիշ Մը Վիրաւորուեցաւ

Իսրայէլացի բնակեցուած մը սպաննուեցաւ եւ ուրիշ մը վտանգաւոր վէրքեր ստացաւ, երբ բռնագրաւեալ Գալիլիա քաղաքին մէջ անոնց ինքնաշարժին ուղղութեամբ կրակ բացուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը անմիջապէս ձեռնարկած է գործողութեան մը Ժապալ Խալիլի մէջ, ուր յարձակումը տեղի ունեցած է: Լրատուամիջոցները ընդգծեցին, որ գործողութիւնը տեղի ունեցած է «շրջանի մը մէջ, որ ապահովական պաշտպանութեամբ յագեցած...

«Սէուտական Արաբիան Ու Իրանը Միջին Արեւելքի Մէջ Հաշտութեան Ալիք Յառաջացուցին» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Սէուտական Արաբիան Ու Իրանը Միջին Արեւելքի Մէջ Հաշտութեան Ալիք Յառաջացուցին» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել որոշելնէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ալիք յառաջացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ուանկ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ Փեքինի մէջ կատարուած  երկխօսութենէն ետք, երկու կողմերը շարունակեցին յարաբերութիւններու բարելաւման...

Էրտողան Կը Յուսայ, Որ Փութինի Հետ Պիտի Հանդիպի Սեպտեմբերին

Էրտողան Կը Յուսայ, Որ Փութինի Հետ Պիտի Հանդիպի Սեպտեմբերին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կ՛ակնկալէ սեպտեմբերին «դէմ առ դէմ» հանդիպիլ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ: «Հնդկաստանի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի հանդիպում պիտի ըլլայ, իսկ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողով: Եթէ մենք կարելիութիւն գտնենք այս զբաղուած միջավայրին մէջ, ապա դէմ առ դէմ պիտի հանդիպինք եւ պիտի խօսինք պարոն Փութինի հետ», լրագրողներուն ըսած է Էրտողան: Ան...

Զելենսքի. «ՕԹԱՆ-ին Միանալու Դիմաց Ուքրանիան Պատրաստ Է Փոխանակելու Միայն Ռուսական Պելկորոտ Քաղաքը»

Զելենսքի. «ՕԹԱՆ-ին Միանալու Դիմաց Ուքրանիան Պատրաստ Է Փոխանակելու Միայն Ռուսական Պելկորոտ Քաղաքը»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի,  պատասխանելով ՕԹԱՆ-ին Քիեւի անդամակցութեան դիմաց հաւանական տարածքային զիջումներու մասին հարցումին, ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ին միանալու կարելիութեան դիմաց Ուքրանիան պատրաստ է փոխանակելու միայն Ռուսիոյ Պելկորոտ քաղաքը: Ուքրանիոյ ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսենի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Մինչ այդ ալ Նետերլանտներու մէջ Զելենսքին նոյն հարցումին ի պատասխան բացառած էր ուքրանական տարածքներու հետ «որեւէ...

Պուտափեշտը Պաքուի Հետ Համաձայնած Է Դէպի Հունգարիա Կազի Մատակարարման Շուրջ

Պուտափեշտը Պաքուի Հետ Համաձայնած Է Դէպի Հունգարիա Կազի Մատակարարման Շուրջ

Պուտափեշտ եւ Պաքու քաղաքական համաձայնագիր կնքած են հետագային Հունգարիոյ մատակարարուող ազրպէյճանական կազի ծաւալը աւելցնելով շուրջ 1 միլիառ խորանարդի հասցնելու շուրջ: 2023-ի վերջին եռամսեակին Հունգարիան պիտի գնէ 100 միլիոն խորանարդ մեթր կազ: Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ արտաքին տնտեսական կապերու նախարար Փեթեր Սիյարթօ: «Մենք արդէն շատոնց, աւելի քան մէկ տասնամեակէ ի վեր, կը համագործակցինք Ազրպէյճանի հետ: Այժմ կնքուած...

Ռուսական Օդուժը Իտլիպի Արեւմուտքը Կը Քանդէ «Թահրիր Շամ»-ի Մէկ Կեդրոնատեղին

Ռուսական Օդուժը Իտլիպի Արեւմուտքը Կը Քանդէ «Թահրիր Շամ»-ի Մէկ Կեդրոնատեղին

Ռուսական օդուժը երէկ կէս գիշերին Իտլիպի արեւմուտքը օդային յարձակում գործելով քանդած է «Թահրիր Շամ»-ի զինուորական կեդրոնատեղին: Բարձրաստիճան մարտական աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ ռուսական հետախուզական օդանաւեր նկատած են Ժապհաթ Նուսրայի շարք մը մեքենաներ, որոնք գիշերանց զինուորական սարքեր ու տուփեր եւ ենթադրաբար անօդաչու թռչող սարքեր պարունակող տուփեր փոխադրած են Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող «Սարմատա» քաղաքի իրենց պահեստանոցներէն դէպի Իտլիպ...

Էրտողան Իր Սերպ Եւ Հունգար Պաշտօնակիցներուն Հետ Կը Քննարկէ Շրջանային Ու Միջազգային Հարցեր

Էրտողան Իր Սերպ Եւ Հունգար Պաշտօնակիցներուն Հետ Կը Քննարկէ Շրջանային Ու Միջազգային Հարցեր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր սերպ պաշտօնակից Ալեքսանտր Վուչիչի հետ քննարկեց թուրք-սերպական յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ հունգարական պետութեան ստեղծման օրուան տօնակատարութեան ծիրին մէջ: Էրտողան հանդիպումի ընթացքին գնահատեց Սերպիոյ կարեւորութիւնը` իբրեւ Պալքանեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար առանցքային պետութիւն: Ան նշեց, որ թուրք-սերպական յարաբերութիւնները հասած են պատմութեան մէջ իրենց բարձրագոյն մակարդակին: Թուրքիոյ...

Թեներիֆի Հրդեհի Պատճառը Հրկիզումն Է

Թեներիֆի Հրդեհի Պատճառը Հրկիզումն Է

Քանարեան կղզիներու շրջանի նախագահ Ֆեռնանտօ Քլավիխօ յայտարարած է, որ ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ սպանական Թեներիֆ զբօսաշրջական կղզիին մէջ անտառային հրդեհը միտումնարւոր սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը: Քլավիխօ յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը հետաքննութեան երեք ուղղութիւն բացած է, սակայն չէ նշած, թէ արդեօք ձերբակալութիւններ եղա՞ծ են: Բարելաւուած եղանակային պայմանները հրշէջներուն օգնած են գիշերուան ընթացքին յառաջընթաց արձանագրելու պայքարին...

Էրտողան Եւ Ալիեւ Պուտափեշտի Մէջ Զրուցած  Են

Էրտողան Եւ Ալիեւ Պուտափեշտի Մէջ Զրուցած Են

Կիրակի օր Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թրքական պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, երկու երկիրներու ղեկավարները Պուտափեշտի մէջ հետեւած են աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան տղամարդոց 100 մեթր վազքի եզրափակիչ մրցումներուն: «Թուրքիոյ ղեկավարը մարզադաշտին մէջ զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Չինաստանն ու Հիւսիսային Քորէան Ջնջած Են 2020-էն Ի Վեր Երկու Երկիրներուն Միջեւ Առաջին Թռիչքները

Չինաստանն ու Հիւսիսային Քորէան Ջնջած Են 2020-էն Ի Վեր Երկու Երկիրներուն Միջեւ Առաջին Թռիչքները

Չինաստան եւ Հիւսիսային Քորէա ջնջած են 2020-էն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ առաջին թռիչքները, որոնք նախատեսուած էին երկուշաբթի առաւօտեան: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի թղթակիցին տեղեկացուցած է Փեքինի «Շոուտու» միջազ•ային օդակայանի տեղեկատու ծառայութիւնը: «Փիոնկիանկէն կատարուելիք եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքները, որոնք նախատեսուած էին այսօր, ջնջուած են», տեղեկացուցած է օդակայանի աշխատակից: Ան խորհուրդ տուած է հետեւիլ Փեքինէն Հիւսիսային Քորէայ հետա•այ թռիչքներու մասին տեղեկութիւններուն, սակայն...

Արեւմուտքը Աշխատանք Կը Տանի Ռուսիոյ Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւն Բանաձեւելու Եւ Ուքրանիոյ Տագնապէն Դուրս Գալու

Արեւմուտքը Աշխատանք Կը Տանի Ռուսիոյ Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւն Բանաձեւելու Եւ Ուքրանիոյ Տագնապէն Դուրս Գալու

Արեւմտեան պետութիւնները աշխատանք կը տանին Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն բանաձեւելու եւ Ուքրանիոյ տագնապէն դուրս գալու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը` հաւանական նկատելով, որ Մոսկուան ու Քիեւը մերժեն առաջարկուելիք համաձայնութիւնը: Ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ. «Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ աշխատանք կը տանին պատրաստելու գործարք մը, որ վերջ կու տայ պատերազմին, համահունչ չէ Քիեւի եւ Մոսկուայի նպատակներուն»: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ Ուքրանիոյ...

Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի Եւ Հարաւային Քորէայի Ղեկավարներու Վեհաժողովը Կը Դատապարտէ Հարաւչինական Ծովուն Մէջ Փեքինի Վարքագիծը

Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի Եւ Հարաւային Քորէայի Ղեկավարներու Վեհաժողովը Կը Դատապարտէ Հարաւչինական Ծովուն Մէջ Փեքինի Վարքագիծը

Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգին մէջ երկրի նախագահի Քեմփ Տէյվիտ նստավայրին մէջ 19 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտայի եւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սոք Եոլի վեհաժողովը: Անոնք յայտարարեցին տնտեսական ու անվտանգութեան կապերը արմապնդելու եւ եռակողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու մտադրութիւններու մասին: «Այսօր մենք պատմութիւն կը կերտենք` կատարելով մեր երեք երկիրներու ղեկավարներուն առաջին վեհաժողովը, ինչպէս նաեւ պարտաւորուելով...

Ապստամբներու Հետ Բանակցութիւններու Ձախողութենէն Ետք.  ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Պատուիրակութիւնը Հեռացած Է Նիկերէն

Ապստամբներու Հետ Բանակցութիւններու Ձախողութենէն Ետք. ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Պատուիրակութիւնը Հեռացած Է Նիկերէն

Արեւմտեան Ափրիկէի տնտեսական համայնքի` ԷՔՕՈՒԱՍ-ի պատուիրակութիւնը լքած է Նիկերը, տեղւոյն ապստամբներուն հետ բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Ըստ սէուտական լրատուամիջոցին, ԷՔՕՈՒԱՍ-ի պատուիրակութիւնը Նիկերէն մեկնած է Նիկերիոյ մայրաքաղաք Ապուճա: Ենթադրաբար, պատուիրակութեան անդամները ապստամբներուն կողմէ ստեղծուած Հայրենիքի փրկութեան ազգային խորհուրդէն պահանջած են հրաժարիլ իշխանութենէն` ԷՔՕՈՒԱՍ-ի անդամ երկիրներու կողմէ զիրենք չհետապնդելու խոստումին դիմաց: Բացի ատկէ, պատուիրակութիւնը շաբաթ օր...

Ժետտայի Մէջ Ապտոլլահեան-Պըն Սալման Հանդիպում

Ժետտայի Մէջ Ապտոլլահեան-Պըն Սալման Հանդիպում

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ` ուրբաթ, 18 օգոստոսին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Ժետտայի մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ: Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անոնք իրենց երկիրներուն միջեւ ապագայ գործակցութեան եւ զայն զարգացնելու առիթները քննարկած են` աւելցնելով, որ անոնք «քննարկեցին շրջանային ու միջազգային կացութիւններու զարգացումները եւ անոնց ուղղութեամբ թափուած ջանքերը»:...

Page 193 of 882 1 … 192 193 194 … 882

Արխիւներ