Արեւմտեան պետութիւնները աշխատանք կը տանին Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն բանաձեւելու եւ Ուքրանիոյ տագնապէն դուրս գալու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը` հաւանական նկատելով, որ Մոսկուան ու Քիեւը մերժեն առաջարկուելիք համաձայնութիւնը:
Ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ. «Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ աշխատանք կը տանին պատրաստելու գործարք մը, որ վերջ կու տայ պատերազմին, համահունչ չէ Քիեւի եւ Մոսկուայի նպատակներուն»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ Ուքրանիոյ գլխաւոր նպատակը` «իր հողերուն վերատիրանալը բացառուած է, նկատի ունենալով, որ անոր արեւմուտքցի դաշնակիցները կը վախնան «ծախսերէն ու վտանգներէն», որոնք բաղձալի չեն»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն` Փենթակոնէն աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք կրնան «վերաթարմացման խնդիրներ դիմագրաւել զինամթերքի պահեստներու, որոնք դատարկուած են Ուքրանիոյ մատակարարումներու ընթացող գործողութիւններու պատճառով»:
Ըստ օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտադիր է ձմրան մեծցնել զինամթերքի արտադրութիւնը եւ աջակցիլ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն` յուսալով նուազեցնել ռազմական գործողութիւններու աշխուժութիւնը:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի զրուցակիցին կարծիքով` զինուորական գործողութիւններէ այդ հանգիստն է, որ Միացեալ Նահանգներուն պիտի արտօնէ «հասնիլ բացի լրացման»: Սակայն ընդմիջումը կրնայ նաեւ ռուսական զօրքերուն արտօնել վերազինուիլ ու ամրապնդել իրենց պաշտպանութեան գիծերը:
Օրաթերթը նաեւ գրած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան խնդիրներ ունենալ` կապուած զէնքի եւ սպառազինութեան արտադրութեան բարձր մակարդակի պահպանման, ոչ միայն Ուքրանիոյ համար, այլ նաեւ սեփական անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Խօսքը քիմիական նիւթերու եւ պայթուցիկ նիւթերու մասին է, որոնց համաշխարհային բաց կայ:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով ռազմական ոլորտի փորձագէտներուն եւ անանուն պաշտօնատարներուն, կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարները հետզհետէ աւելի կը քննադատեն Ուքրանիոյ հակայարձակման ռազմավարութիւնը:
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի, երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան կէտերէն մէկը առնչուած է ուքրանական ուժերու տեղակայման ձեւին հետ: Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ յորդորած են աւելի քիչ ռիսքի դիմել եւ հիմնական ուժերը ուղարկել հարաւ` ռուսական դիրքերը ճեղքելու եւ Ազովի ծով հասնելու կարելիութիւն ստանալու համար: Ուաշինկթըն նաեւ յորդորած է, որ Ուքրանիան հակայարձակման ընթացքին դադրի կեդրոնանալ երկրի արեւելքին վրայ, ուր տեղակայուած է իր ուժերու կէսը: Ուքրանիան իր լաւագոյն ստորաբաժանումներէն մէկ քանին տեղակայած է դէպի արեւելք Պախմութի համար մարտերուն մէջ:
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը իր կարգին կը գրէ. «Ուքրանական հակայարձակումին մասին խօսակցութիւնները խանդավառութենէ յուսախաբութեան փոխուեցան»:


