Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգին մէջ երկրի նախագահի Քեմփ Տէյվիտ նստավայրին մէջ 19 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտայի եւ Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սոք Եոլի վեհաժողովը: Անոնք յայտարարեցին տնտեսական ու անվտանգութեան կապերը արմապնդելու եւ եռակողմ համագործակցութիւնը ընդլայնելու մտադրութիւններու մասին:
«Այսօր մենք պատմութիւն կը կերտենք` կատարելով մեր երեք երկիրներու ղեկավարներուն առաջին վեհաժողովը, ինչպէս նաեւ պարտաւորուելով իւրաքանչիւր տարի հանդիպիլ ղեկավարներու մակարդակով», միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
Վեհաժողովի հիմնական հարցերէն մէկը կը վերաբերէր Հարաւչինական ծովուն մէջ Փեքինի «ապօրինի» պահանջներուն: Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները վտանգաւոր եւ յարձակողական նկատած են Չինաստանի վարքագիծը:
Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտան առանց Չինաստանի անունը տալու ըսաւ. «Արեւելաչինական ու Հարաւչինական ծովերուն մէջ ուժի միջոցով սթաթիւս քոն միակողմանի փոխելու փորձերը կը շարունակուին, եւ նման պայմաններու մէջ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ու հրթիռային սպառնալիքները միայն աւելի ուժգին կը դառնան»:
Երեք երկիրներու ղեկավարները որդեգրած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Մենք վճռականութեամբ լեցուած ենք` պաշտպանելու շրջանային անվտանգութիւնը, ամրապնդելու համագործակցութիւնը Հնդկական-Խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ եւ աջակցելու ընդհանուր բարգաւաճման: Յիշեցնելով մեր երկիրներէն իւրաքանչիւրին հրապարակաւ յայտնած դիրքորոշումը Չինաստանի կողմէ Հարաւչինական ծովուն մէջ ապօրինի պնդումներու վտանգաւոր ու յարձակողական վարքագիծի մասին` մենք կտրականապէս դէմ ենք Հնդկական-Խաղաղովկիանոսեան ջուրերուն մէջ սթաթիւս քոյի փոփոխութեան որեւէ միակողմանի փորձի»:
Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են Հիւսիսային Քորէայի համացանցային գործունէութեան եւ թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրներուն առնչութեամբ ու դատապարտած թեւաւոր հրթիռներու աննախադէպ քանակի արձակումները:
Անոնք, միեւնոյն ժամանակ, վերահաստատած են Հիւսիսային Քորէայի ապահիւլէականացման պահանջը` ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն համապատասխան, եւ Փիոնկիանկին կոչ ուղղած հրաժարելու հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրներէն: ՄԱԿ-ի բոլոր անդամներուն եւս կոչ ուղղուած է ամբողջութեամբ կատարելու Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը:
Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի ղեկավարները նաեւ վերահաստատած են Ռուսիոյ «չհրահրուած եւ դաժան յարձակումին» դէմ Ուքրանիոյ աջակցելու իրենց յանձնառութիւնը:


