Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել որոշելնէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ալիք յառաջացուցած են: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ուանկ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ Փեքինի մէջ կատարուած երկխօսութենէն ետք, երկու կողմերը շարունակեցին յարաբերութիւններու բարելաւման քայլերը, ինչ որ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան ալիքի գոյացման»:
Ան յայտնեց, որ Չինաստանը կը գնահատէ այդ ուղղութեամբ Իրանի ճիշդ որոշումը` շեշտելով, որ Փեքին պիտի շարունակէ Միջին Արեւելքի պետութիւններուն աջակցիլ` գտնելու համար զարգացման ուղիներ, որոնք կը պատշաճին անոնց ազգային պայմաններուն` ամրապնդելու համար գործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը:
Ապտոլլահեան իր կարգին յայտնեց, որ Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Չինաստանի հետ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման` յոյս յայտնելով պահպանել երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան հաղորդակցութիւնը եւ խորացնել Թեհրանի ու Փեքինի միջեւ գործակցութիւնը «Գօտի եւ ճամբայ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային հարցերու մէջ գործակցութիւնը:
Ապտոլլահեան շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ անոր միջնորդութեան համար` գովաբանելով այդ առնչութեամբ Փեքինի դերակատարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիան ու Իրանը մարտին յայտարարած էին, որ համաձայնած են վերականգնել իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Համաձայնութիւնը գոյացած էր Չինաստանի միջնորդութեամբ:


