Կիրակի օր Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, երկու երկիրներու ղեկավարները Պուտափեշտի մէջ հետեւած են աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան տղամարդոց 100 մեթր վազքի եզրափակիչ մրցումներուն:
«Թուրքիոյ ղեկավարը մարզադաշտին մէջ զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


