Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ` ուրբաթ, 18 օգոստոսին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Ժետտայի մէջ հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ:
Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անոնք իրենց երկիրներուն միջեւ ապագայ գործակցութեան եւ զայն զարգացնելու առիթները քննարկած են` աւելցնելով, որ անոնք «քննարկեցին շրջանային ու միջազգային կացութիւններու զարգացումները եւ անոնց ուղղութեամբ թափուած ջանքերը»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ժողովը «անկեղծ, արդիւնաւէտ ու օգտակար էր», եւ ատոր ընթացքին «շեշտուեցաւ, որ անվտանգութիւնն ու զարգացումը բոլորին իրաւունքն է»:
«Պաղեստինի եւ Երուսաղէմի հարցը իսլամական աշխարհին մէջ հարցերու առանցքն է», ըսաւ Ապտոլլահեան` նշելով. «Պէտք է յարաբերութիւնները զարգացնել ի սպաս շրջանին»:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հանդիպում կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ»:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ռիատի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Ռիտա Այնաթին եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը, որուն հետ մէկ օր առաջ հանդիպած էր Ապտոլլահեան:
Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին
Գործոց Նախարարներու Հանդիպում` Ռիատի Մէջ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը յայտարարած է, որ իր երկիրն ու Իրանը անհամբեր կը սպասեն եղբայրութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւններու «նոր էջի բացման»: Այս մասին հաղորդած է «Մեհր»:
Պըն Ֆարհան հինգշաբթի, 17 օգոստոսին Ռիատի մէջ իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է բարելաւելու Իրանի հետ յարաբերութիւնները:
Ան յայտարարած է, որ իրենց հանդիպումը նուիրուած էր տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի կապերու ընդլայնման:
Պըն Ֆարհան նաեւ յայտարարած է, որ երկկողմանի կապերու ընդլայնման եւ շրջանային կայունութեան ամրապնդման ծիրին մէջ երկու երկիրները վերաբացած են իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:
Ընդգծելով անվտանգութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ մինչ այդ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ան յայտնած է, որ ինք եւ Ապտոլլահեանը քննարկած են հետագայ բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
Սէուտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յիշատակած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորի` Իրանի նախագահ Ռայիսիին յղած կատարած հրաւէրը` այցելելու Ռիատ, նշելով, որ Սէուտական Արաբիան յառաջիկային կը սպասէ Իրանի նախագահի այցելութեան:


