Ալճերիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ալճերիական իշխանութիւնները մերժած են Ալճերիոյ օդային տարածքը Նիկերին վրայ յարձակում գործելու համար օգտագործելու Ֆրանսայի դիմումը:
«Ֆրանսան կը պատրաստուի գործադրելու Նիկերի զինուորական խորհուրդին դէմ իր սպառնալիքները զինուորական միջամտութիւն կատարելու, եթէ նախագահ Մոհամետ Պազում ազատ չարձակուի», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:
«Ալճերիան միշտ ալ ուժի կիրարկման դէմ եղած է, եւ չընդառաջեց Նիկերի վրայ յարձակում գործելու համար ալճերիական օդային տարածքը օգտագործելու ֆրանսական դիմումը, եւ անոր պատասխանը խիստ եւ յստակ էր», նշեց կայանը:
Միւս կողմէ, Արեւմտեան Ափրիկէի տնտեսական համախմբումը` ԷՔՕՈՒԱՍ-ը մերժեց Նիկերի իշխող զինուորական խորհուրդի 26 յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջումէն երեք տարի ետք ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը, ինչ որ կ՛երկարաձգէ քաղաքական տագնապը, որ կրնայ զինուորական միջամտութեան յանգեցնել, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ:
ԷՔՕՈՒԱՍ-ն ու միջազգային այլ ուժեր կը փորձեն Նիկերի մէջ կատարուած յեղաշրջումին դիւանագիտական լուծում մը գտնել:
Նշենք, որ Նիկերի յեղաշրջումը Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ վերջին 3 տարուան ընթացքին կատարուած 7-րդ յեղաշրջումն է:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ափրիկեան միութիւնը յեղաշրջումին պատճառով առկախեց Նիկերի անդամակցութիւնը միութեան:


