Իսրայէլացի բնակեցուած մը սպաննուեցաւ եւ ուրիշ մը վտանգաւոր վէրքեր ստացաւ, երբ բռնագրաւեալ Գալիլիա քաղաքին մէջ անոնց ինքնաշարժին ուղղութեամբ կրակ բացուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը անմիջապէս ձեռնարկած է գործողութեան մը Ժապալ Խալիլի մէջ, ուր յարձակումը տեղի ունեցած է:
Լրատուամիջոցները ընդգծեցին, որ գործողութիւնը տեղի ունեցած է «շրջանի մը մէջ, որ ապահովական պաշտպանութեամբ յագեցած է»:
Շաբաթ օր եւս Այսրյորդանանի Նապլուս քաղաքին մէջ իսրայէլացի երկու բնակեցուածներ սպաննուած էին նոյնպիսի դէպքի մը ընթացքին:


