23 օգոստոսի երեկոյեան Ռուսիոյ Տուեր մարզին մէջ Մոսկուայէն դէպի Ս. Փեթերսպուրկ թռիչք կատարող «Էմպրայէր-135» տիպի սեփական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ, որուն հետեւանքով մահացան 10 անձեր, որոնց շարքին` «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինն ու «Վակներ»-ի հրամանատար Տմիթրի Ութքինը:
Հրապարակուեցան օդանաւին մէջ եղած ճամբորդներու եւ անձնակազմի անդամներուն անունները: Անոնց շարքին են Սերկէյ Փրոփուսթինը, Եւկենի, Մակարեանը, Ալեքսանտր Թոթմինը, Վալերի Չեքալովը, Տմիթրի Ութքինը, Նիկոլայ Մաթուսէեւը եւ Եւկենի Փրիկոժինը: Անձնակազմի անդամներն էին օդանաւի առաջին օդաչու Ալեքսէյ Լեւշինը, երկրորդ օդաչու Ռուսթամ Քարիմովը եւ ուղեկցորդուհի Քրիսթինա Ռասփոփովան:
Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը հաղորդեց, որ օդանաւին մէջ գտնուող բոլոր անձերուն մարմինները յայտնաբերուած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ «Վակներ»-ի հիմնադիրին Ռուսիոյ մէջ սպանութեան հաւանականութենէն անակնկալի չէ մատնուած` նշելով. «Ռուսիոյ մէջ չկան շատ բաներ, որոնք կը պատահին, առանց որ անոնց ետին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ըլլայ»:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Էտրիըն Ուաթսըն իր կարգին ըսաւ. «Տեղեկութեան ծանօթացանք: Եթէ հարցը հաստատուի, ոչ ոք անակնկալի պիտի մատնուի»:


