Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու. Փրիկոժինի Օդանաւին Մէջ, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Պայթում Տեղի Ունեցած Է

August 26, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան ղեկավար Եւկենի Փրիկոժինին պատկանող օդանաւին մէջ տեղի ունեցած է պայթում, որ յանգեցուցած է օդանաւի կործանման: Այս մասին գրած է «Նիւ Եորք «Թայմզ»-ը:

Ըստ օրաթերթին, ամերիկեան եւ արեւմտեան այլ պաշտօնատարներ յայտնած են, որ օդանաւին մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, պայթում տեղի ունեցած է: «Պայթումը կրնար ըլլալ օդանաւին մէջ տեղադրուած ռումբի կամ այլ սարքի պատճառով, թէեւ նկատի կ՛առնուին այլ վարկածներ, օրինակ` վառելանիւթի կեղծումը», գրած է «Նիւ Եորք Թայմզ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ին ըսած է, որ «շատ քիչ հաւանական» կը թուի, որ Փրիկոժինի օդանաւը խոցուած է հակաօդային հրթիռով, եւ որ ամէնէն հաւանական պատճառը, ըստ երեւոյթին, պայթումն է: «Պայթումի պատճառը յայտնի չէ, թէեւ կրնայ ռումբ եղած ըլլալ», ըսած է պաշտօնատարը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 24 օգոստոսին ցաւակցութիւն յայտնած էր` նշելով. «Փրիկոժինը 90-ական թուականներէն ճանչցած եմ, ան տաղանդաւոր գործարար մըն էր»:

Փութին նաեւ յայտնեց. «Վակներ» Ուքրանիոյ մէջ նացիականութեան դէմ պատերազմին մէջ ունեցաւ մեծ ներդրում, որ պիտի չմոռնանք: Նախնական տուեալներուն համաձայն, օդանաւը ջախջախուած է Տուեր շրջանին մէջ, եւ անոր մէջ «Վակներ»-էն պաշտօնեաներ կային»:

«Փրիկոժին երէկ Ափրիկէէն վերադարձաւ եւ անոր օդանաւի ջախջախումէն առաջ Ռուսիոյ մէջ պաշտօնատարներու հետ կարեւոր ժողովներ գումարեց», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:

23 օգոստոսի երեկոյեան Ռուսիոյ Տուեր մարզին մէջ սեփական օդանաւի ջախջախման պատճառով մահացած էին 10 անձեր, ներառեալ «Վակներ»-ի հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինն ու «Վակներ»-ի հրամանատար Տմիթրի Ութքինը: Օդանաւը թռիչք կը կատարէր Մոսկուայէն Ս. Փեթերսպուրկ:

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ Փութին Փրիկոժինի յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի չըլլայ, որովհետեւ «անոր աշխատանքի ժամանակացոյցը այդ մէկը չ՛արտօներ»` աւելցնելով. «Փրիկոժինի մահուան մեր մեղսակցութեան վերաբերեալ արեւմտեան յայտարարութիւնները բացարձակ զրպարտութիւններ են»:

Նախորդը

Թրամփ Ճորճիայի Մէջ Ներկայացած Է Ոստիկանատուն, Սակայն 20 Վայրկեան Ետք Լքած Է Բանտը

Յաջորդը

Ռիատ Հիւլէական Կայանի Կառուցման Չինական Առաջարկ Մը Կը Սերտէ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.