Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ը ամբաստանեց իր դէմ կողմնակալութեան յանցանքով` անցեալ շաբաթ ճամբու կուպրապատման ծրագիրի մը պատճառով տարիներէ ի վեր ամէնէն վտանգաւոր դէպքին հարցով:
Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Վերջին դէպքը անգամ մը եւս երեւան բերաւ Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կողմնակալ դիրքորոշումը»:
Թուրք կիպրացիներն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեցին, որ խաղաղապահ ուժերու վարմունքը անընդունելի է, իսկ ճամբու ծրագիրը կենսական է:
Անցեալ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն զինուորներու եւ թուրք-կիպրական ապահովական մարմիններու անդամներու միջեւ ոչ զինեալ բախում մը տեղի ունեցած էր, երբ խաղաղապահ զինուորները փորձած էին արգելք հանդիսանալ շինարարական աշխատանքի մը այն շրջանին մէջ, որ խաղաղապահ առաքելութեան համաձայն իրաւականօրէն իր հսկողութեան տակ կը գտնուի:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց դէպքը եւ կոչ ուղղեց դադրեցնելու շինարարական բոլոր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի ապազինեալ գօտիին մէջ ու երկայնքին բոլոր զինուորական ու քաղաքային աշխատանքները:


