Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՐԻՔՍ-ը Սէուտական Արաբիան, Իրանը Եւ Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Իրեն Անդամակցելու

August 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զարգացող մեծ պետութիւններու շուկաները կը պատրաստուին Սէուտական Արաբիան` աշխարհի վրայ քարիւղ արտածող մեծագոյն երկիրն ու այլ երկիրներ իրենց պլոքին միանալու հրաւիրելու` ջանալով միջազգային իրենց ազդեցութիւնը ընդլայնել: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը:

Լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով հաւաստի աղբիւրներու հաղորդեց, որ Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ղեկավարները այս շաբաթ Ճոհանեսպուրկի մէջ իրենց գումարած վեհաժողովի ընթացքին համաձայնած են ընդլայնել ՊՐԻՔՍ-ը, ինչ որ 2010 թուականէն ի վեր համախմբումին առաջին ընդլայնումը պիտի ըլլայ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ միջինարեւելեան այլ երկիրներու կողքին Եգիպտոս եւս հրաւիրուած է ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցելու, հակառակ անոր որ ցուցակը մինչեւ չորեքշաբթի ուշ գիշեր տակաւին քննարկումի առարկայ էր:

Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցելու կարելիութեան վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը չյայտարարեցին, հակառակ անոր, որ Ռիատ պատուիրակութիւն մը ուղարկած էր մասնակցելու անոր ժողովին:

Վեհաժողովէն առաջ երկրագունդի հարաւէն 20 երկիրներ պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցած էին ՊՐԻՔՍ-ին միանալու:

Հարաւային Ափրիկէի արտաքին գործոց նախարար Նալիտի Փանտոր չորեքշաբթի օր յայտարարեց. «Ընդլայնման հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

«Պլումպըրկ Էքոնոմիքս»-ի նախատեսութեամբ` Սէուտական Արաբիան եւ Ինտոնեզիան ներառող ընդլայնուած ՊՐԻՔՍ-ը 2040-ին համաշխարհային տնտեսութեան 44 առ հարիւրը պիտի կազմէ, ինչ որ աւելին է, քան «Եօթներու խմբակ»-ին ներկայացուցած 21 առ հարիւրը:

Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոզա երէկ ներկայացուց վեհաժողովի «Ճոհանեսպուրկի հռչակագիր» անունով հաղորդագրութիւնը եւ նշեց, որ որոշուած է Արժանթինը, Եգիպտոսը, Եթովպիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հրաւիրել ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան` աւելցնելով. «Նոր անդամներուն ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութիւնը պիտի սկսի 1 յունուար 2024-ին»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը գնահատենք ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան հրաւէրը եւ զայն պիտի սերտենք»:

Նախորդը

Չինաստանն ու Հարաւային Քորէան Արձագանգած Են «Ֆուքոշիմա-1» Հիւլէական Կայանէն Ջուրի Բացթողման

Յաջորդը

Նորվեկիան Որոշած Է Ուքրանիոյ «Էֆ-16»-ներ Տրամադրել

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.