Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հացահատիկի Գործարքին Վերադառնալու, Եթէ Գործընկերները Կատարեն Բոլոր Պարտաւորութւնները»

August 24, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան պատրաստ է հացահատիկի գործարքին մասնակցութեան վերադառնալու, սակայն միայն իր նկատմամբ ստանձնուած բոլոր պարտաւորութիւններու իրական կատարման պարագային: Այս մասին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«18 յուլիսէն մենք հրաժարած ենք այս, այսպէս կոչուած, գործարքի հետագայ երկարաձգումէն եւ պատրաստ պիտի ըլլանք վերադառնալու: Սակայն վերադառնալ` միայն ռուսական կողմին նկատմամբ հանդէպ բոլոր պարտաւորութիւններու փաստացի կատարման պարագային», ընդգծած է ան:

Փութին ըսած է, որ Ռուսիան դիտումնաւոր կը խոչընդոտէ արտասահման հացահատիկի եւ պարարտանիւթերու մատակարարումը, իսկ երկրին «կեղծաւորութեամբ կը մեղադրեն համաշխարհային շուկայի մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամային կացութեան համար»:

«Ատիկա ակնյայտօրէն դրսեւորուեցաւ հացահատիկի գործարքի իրագործման ընթացքին, որ սկիզբէն նպատակ ունէր ապահովել համաշխարհային պարենային անվտանգութիւնը, նուազեցնել սովի սպառնալիքը եւ օգնել ամէնէն աղքատ երկիրներուն», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

Ան նշած է, որ տարուան ընթացքին Ուքրանիոյ հետ գործարքի ծիրին մէջ արտածուած է ընդհանուր առմամբ 32,8 միլիոն թոն բեռ, որմէ աւելի քան 70 առ հարիւրը բաժին ինկած է բարձր եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներուն, ներառեալ` նախ եւ առաջ Եւրոպական Միութեան:

«Եւ միայն շուրջ 3 առ հարիւրը բաժին ինկած է ամէնէն քիչ զարգացած երկիրներուն, այսինքն` 1 միլիոն թոնէն նուազ», Փութին վկայակոչած է վիճակագրութիւնը:

Զելենսքի Մոլտովայի Եւ Խրուաթիոյ Հետ Քննարկած Է
Հացահատիկի Մատակարարման Նոր Ուղիները

Յունաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հանդիպում ունեցած է Խրուաթիոյ վարչապետ Անտրէյ Փլենքովիչի եւ Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտուի հետ: Զելենսքի անոնց հետ քննարկած է ուքրանական հացահատիկի արտածման այլընտրանքային ուղիներու կազմակերպումը: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակը:

Հանդիպումէն ետք Անտրէյ Փլենքովիչ հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը Դանուբի եւ Ատրիաթիք ծովուն մէջ նաւահանգիստներ տրամադրելու ուքրանական հացահատիկի փոխադրման համար: Մոլտովայի նախագահի հետ քննարկման մասին մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:

Զելենսքի Խրուաթիոյ վարչապետին տեղեկացուցած է «Ռուսիոյ կողմէ Սեւ ծովուն մէջ նաւարկման ապօրինի խոչընդոտման» եւ «Ուքրանիոյ նաւահանգստային ենթակառոյցին ռուսական հարուածներու մասին, որոնք կը վտանգեն համաշխարհային պարենային անվտանգութիւնը»:

18 յուլիսին Ռուսիոյ հացահատիկի գործարքէն դուրս գալէն ետք, Ուքրանիան ժամանակաւոր ծովային ուղիներ բացած է առեւտրական նաւերուն համար: Ռուսիան յայտարարած է, որ ուքրանական նաւահանգիստներ մուտք գործող բոլոր նաւերը պիտի նկատուին իբրեւ զինուորական սպառնալիք:

Անցեալ շաբաթ «Ճոզեֆ Շուլթէ» բեռնատար նաւը Օտեսայէն դէպի Թուրքիա միջանցքէն անցած է Փալաուի դրօշի տակ: Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան իշխանութիւնները Ռումանիոյ եւ Մոլտովայի մասնակցութեամբ կը ծրագրեն այլընտրանքային ուղիներ ստեղծել ուքրանական նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտածման համար:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ երեքշաբթի գիշեր Ուքրանիոյ Օտեսայի մարզի հացահատիկի ամբարները եւ արտադրման ու բեռնման համալիրները քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի ենթարկուած է:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ը եւ Թուրքիան հացահատիկային գործարքը վերսկսելու առաջարկներ կը մշակեն: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է բանակցային հոլովոյթին մասնակցող աղբիւրը:

 

Նախորդը

Թուրք Կիպրացիները ՄԱԿ-ը Կ՛ամբաստանեն Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Կողմնակալութեան Յանցանքով

Յաջորդը

Ֆրանսական Բանակը Կը Հերքէ, Թէ Նիկերի Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու Համար Ալճերիական Օդային Տարածքի Օգտագործման Դիմում Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.