Նիկերի մօտ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի պատուիրակ, Նիկերիոյ նախկին նախագահ Ապտելսալամ Ապու Պաքր յայտնեց. «Զինուորական խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւնները ցոյց տուին, որ պաշտօնազրկուած նախագահ Մուհամետ Պազումի իշխանութեան վերադարձը անկարելի է»:
Ան նշեց, որ 26 յուլիսէն ի վեր Նիկերի իշխող զինուորական խորհուրդի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւնները «շատ արդիւնաւէտ էին», սակայն աւելցուց, որ այդ նախնական խորհրդակցութիւններէն ետք, նախագահ Մոհամետ Պազումի իշխանութեան վերադարձը անկարելի կը թուի, իսկ մնացեալ կէտերն ու ընտրանքները բանակցելի են:
Մինչ դիւանագիտութիւնը կ՛աշխուժանայ եւ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի կողմէ Նիկերի մէջ զինուորական որեւէ միջամտութեան ընդդիմացող ձայները կը բարձրանան, արեւմտեան ափրիկեան այդ կազմակերպութիւնը չի հրաժարիր ժողովրդավարութեան վերականգնման համար ուժի կիրարկման ընտրանքէն:
Նիկերիոյ մէջ զինուորական աղբիւրներ նշեցին. «Կը գործադրուի ծրագիրը, որ վաւերացուեցաւ Աքրային մէջ, եւ ուժերու տեղակայում կը նախատեսէ: Զինուորներն ու պահեստի ուժերը Նիմամիի մէջ զինուորական միջամտութեան կատարման հակասող որեւէ հրաման չստացան»: