Փարիզի Մէջ Անյայտ Անձ Մը Էյֆելեան Աշտարակին Մօտ Սպաննած Է Անձ Մը Եւ Վիրաւորած Երկու Ուրիշներ
Շաբաթ երեկոյեան, տղամարդ մը Փարիզի կեդրոնին մէջ` Էյֆելեան աշտարակէն ոչ հեռու, դանակով յարձակած է զբօսաշրջիկներու վրայ: Զբօսաշրջիկ մը մահացած է, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուելով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ոստիկանութեան տուեալներով` մահացածը Գերմանիոյ քաղաքացի էր: «Ռոյթըրզ», վկայակոչելով Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ յարձակողը Ֆրանսայի քաղաքացի 26 տարեկան երիտասարդ մըն է: Անոր անունը չի նշուիր: Ան նախապէս յայտնուած է ոստիկանութեան ուշադրութեան...




















