Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ պիտի չարտօնեն Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ յաղթել, Համասին` Իսրայէլի դէմ պատերազմին մէջ յաղթել, եւ պիտի շարունակեն երկուքին ալ օգնել: Այս մասին ըսած է Փենթակոնի ղեկավար Լոյտ Օսթին` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները «աշխարհի հզօրագոյն երկիրն են», իսկ ամերիկեան բանակը «աշխարհի վրայ ամէնէն ուժեղն է»:
«Մենք նաեւ պիտի չարտօնենք, որ մեր թշնամիները մեզ պառակտեն կամ թուլացնեն», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը աւելցուցած է, որ իր երկիրը ի վիճակի է կատարել դաշնակիցներուն նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները եւ միաժամանակ օգնութիւն ուղարկել թէ՛ Իսրայէլին, թէ՛ ալ Ուքրանիոյ:
Ան ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ կողմէ հրահրուած պատերազմը «մարտահրաւէր է ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն համար»:
«Մենք չենք կրնար մենք մեզի արտօնել մէկ կողմ կանգնած մնալ», ըսած է ան:
Օսթին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ 50 առ հարիւրով աւելցուցած են զինամթերքի արտադրութեան ֆինանսաւորումը` Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան ռումբերու սպառման բարձր կշռոյթներուն պատճառով: Ան աւելցուցած է, որ Ճօ Պայտընի վարչակազմին օրով Միացեալ Նահանգներու մէջ հրետանային զինամթերքի արտադրութիւնը քառապատկուած է:
«Մինչ մենք կ՛աշխատինք Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ կացութեան կայունացման ուղղութեամբ, Իրանը կը մեծցնէ լարուածութիւնը: Թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական անձնակազմին վրայ յարձակումներէն ետք մեր ուժերը բազմիցս հարուածներ հասցուցած են Իրաքի եւ Արեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող կէտերուն, որոնք կ՛օգտագործուէին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի եւ Իրանի առնչուած աշխարհազօրայիններու կողմէ: Մենք պիտի չհանդուրժենք յարձակումներ ամերիկեան անձնակազմին վրայ: Այս յարձակումները պէտք է դադրեցուին», նշած է Փենթակոնի ղեկավարը: