Ֆիլիփինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիի մը մէջ Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած ռումբի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած է չորս զոհ: Այս մասին հաղորդեց «Կարտիըն»-ը:
Դէպքը տեղի ունեցած է երկրին հարաւը գտնուող Մարաւի քաղաքին մէջ:
Պայթումը խուճապ յառաջացուցած է հաւաքուած հաւատացեալներուն մօտ: Պայթումին հետեւանքով 50 մարդ դարմանմումի համար փոխադրուած են հիւանդանոց:
Իշխանութիւնները կատարուածը որակած են իսլամական ահաբեկչութիւն: