Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ուքրանիոյ Չաջակցիլը Բացարձակ Խելագարութիւն Է, Ատիկա Կը Հակասէ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն»

December 7, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներուն համար «բացարձակ խելագարութիւն» պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ նոր օգնութեան փաթեթի շուրջ համաձայնութեան չգալը: Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:

«Ուքրանիոյ չաջակցիլը բացարձակ խելագարութիւն է, ատիկա կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն, ատիկա ուղղակի սխալ է», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Ճանեթ Ելեն իր կարգին «սարսափելի» որակած է Քիեւին աջակցութեան շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն պատասխանատուութիւն պիտի կրէ Ուքրանիոյ պարտութեան համար, եթէ չկարենայ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն նոր միջոցներ յատկացնել:

5 դեկտեմբերին հանրապետական ծերակուտականները լքած էին Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլին տրամադրուող օգնութեան վերաբերեալ կազմակերպուած զեկուցումին քննարկման նիստը, որովհետեւ դեմոկրատականներէն պատասխան չեն ստացած իրենց առաջարկներուն: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նոյնպէս «վերջին պահուն» չեղեալ նկատած է այդ նիստին իր մասնակցութիւնը:

«Ֆոքս Նիուզ»-ի Քոնկրեսի թղթակից Չատ Փերկրամ ըսած է, թէ հանդիպումին «լարուած» մթնոլորտ եղած է:

Պայտըն նախապէս Քոնկրեսէն 106 միլիառ տոլար խնդրած էր Իսրայէլին եւ Ուքրանիոյ օգնելու համար, սակայն լիարժէք աջակցութիւն չէր ստացած: Հանրապետականներու մեծամասնութեամբ Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկած էր միայն Թել Աւիւին աջակցելու ի նպաստ, սակայն դեմոկրատականներուն կողմէ վերահսկուող Ծերակոյտը արգելակած էր նախաձեռնութիւնը:

Պայտըն յայտարարած է, որ առանց Ուքրանիոյ պիտի չստորագրէ միայն Իսրայէլին օգնութիւն յատկացնելու մասին օրինագիծը, եթէ Քոնկրեսը նման փաստաթուղթ հաստատէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց, որ «Ուքրանիոյ յատկացուած գումարները յառաջիկայ շաբաթներուն կը սպառին»` նշելով, որ իր երկիրը Քիեւին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու կարողութեան «յատակին» հասած է:

«Ըստ Միացեալ Նահանգներու գնահատականին, Ուքրանիան շատ դժուար ձմեռ մը կը դիմագրաւէ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Սէուտ-Քաթարեան Հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի` Պաղեստինցիներու Բռնի Տեղահանութիւնը Դադրեցնելու Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Յաջորդը

Էրտողան. «Եթէ Իսրայէլ Փորձէ Թուրքիոյ Մէջ Համասի Անդամներ Հետապնդել, Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.