Որոշ եւրոպացի պաշտօնատարներ քննարկած են Հունգարիան քուէի իրաւունքէն զրկելու կարելիութիւնը, որպէսզի Ուքրանիոյ օգնութեան նոր թղթածրարի շուրջ համաձայնութեան գան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ:
Ըստ վերջիններուս, Եւրոպական Միութեան մասին պայմանագիրը կը պարունակէ կէտ մը, որ կ՛արտօնէ եւրոպական օրէնսդրութեան խախտման պատճառով երկիրը զրկել քուէի իրաւունքէն:
Բրիտանական օրաթերթը կը բացատրէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրը քուէի իրաւունքէն զրկելու հոլովոյթը կրնայ արգելակուիլ, միութեան մէկ այլ անդամի կողմէ: Սակայն, ինչպէս «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը նշէ, Լեհաստանի մէջ վերջին ընտրութիւններէն ետք Եւրոպական Միութեան մէջ Հունգարիոյ համար «երաշխաւորուած պաշտպան» չկայ:
Այս քայլով եւրոպական երկիրները կ՛ուզեն Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին ցոյց տալ Եւրոպական Միութեան մէջ երկրի մեկուսացման «իրական արժէքը»: Եթէ այս քայլը չյաջողի, ապա Եւրոպական Միութեան 26 երկիրները կրնան առանց Հունգարիոյ մասնակցութեան Ուքրանիոյ օգնութեան մասին համաձայնագիր կնքել, սակայն ատիկա «ժամանակ պիտի պահանջէ եւ միայն կարճաժամկէտ լուծում պիտի ըլլայ», կը գրէ օրաթերթը: