Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առանց Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Ֆինանսաւորման Ուքրանիան 1-2 Ամիս Կը Դիմանայ» Կ՛ըսէ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը

Դեկտեմբեր 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առանց ֆինանսաւորման Քիեւը մէկ-երկու ամիս կը դիմանայ: Այս մասին «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթալինա Կէօրկիեւա:

«Որովհետեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան տակաւին կը վիճին ֆինանսաւորման թղթածրարի վերաբերեալ, Ուքրանիոյ տնտեսական վերածնունդը կրնայ յայտնուիլ սպառնալիքի տակ», նշած է ան: Հետագայ ձգձգումները կրնան Քիեւին ստիպել վերադառնալ ապակայունացնող քաղաքականութեան, ինչպիսին է դրամներու տպագրումը, ինչպէս ան կատարած է անցեալ տարի ռուսական ներխուժումէն քանի մը ամիս ետք:

«Կարեւոր է ջնջել այդ ընթացքը, որովհետեւ ատիկա մեծ ճնշում պիտի գործադրէ Ուքրանիոյ վրայ ճիշդ այն պահուն, երբ երկիրը լաւ հեռանկարներ ունի տնտեսութեան համար», ըսած է Կէօրկիեւա:

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ լրացուցիչ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու անկարողութիւնը  գոյացած է, երբ Ռուսիոյ դէմ Ուքրանիոյ հակայարձակումը չէ յանգեցուցած զգալի տարածքներու ազատագրման, իսկ Մոսկուան ուժեղացուցած է ենթակառոյցներու վրայ օդային յարձակումները:

Անցեալ ամիս որդեգրուած պիւտճէին համաձայն, յաջորդ տարի Ուքրանիոյ անհրաժեշտ է 41 միլիառ տոլար: Ան 18 միլիառ տոլարի յոյս ունի` Եւրոպական Միութենէն, 8,5 միլիառ Միացեալ Նահանգներէն, 5,4 միլիառ Միջազգային դրամական ֆոնտէն, 1,5 միլիառ զարգացման տարբեր դրամատուներէ եւ 1 միլիառ Բրիտանիայէն:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չորեքշաբթի օր չկրցաւ հաւանութիւն տալ 60 միլիառ տոլարի օգնութեան թղթածրարին, երբ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի այցելեց Ուաշինկթըն: Եւրոպական Միութիւնն ալ չկրցաւ համաձայնիլ 50 միլիառ եւրոյի օգնութեան հարցին մէջ այն բանէն ետք, երբ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան վեթօ դրաւ այդ առաջարկին վրայ:

Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավարը յայտնած է, որ Ուքրանիան «որոշ ճկունութիւն ունի» եւ «հաւանաբար կը կարենայ յունուարին եւ փետրուարին դիմանալ»` շնորհիւ Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Համաշխարհային դրամատան 2 միլիառ տոլարի չափով վճարումներուն: Սակայն ատկէ ետք Քիեւը ստիպուած պիտի ըլլայ կա՛մ կրճատել ծախսերը, կա՛մ դիմել կեդրոնական դրամատան կողմէ ֆինանսաւորման, ինչ որ կրնայ յանգեցնել գերսղաճի եւ ապակայունացնել երկրին ֆինանսական համակարգը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Հունգարիան Զրկել Քուէի Իրաւունքէն

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Միջեւ Ռեշթ-Ասթարա Երկաթուղիի Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Յունուարին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?