Ազրպէյճանը արտակարգ նախագահական ընտրութեան համար ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծէ նաեւ բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ:
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Մազահիր Փանահով նշած է, որ նոր ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծուին «Խանքենդիի, Խոջալուի, Ասկերանի եւ Ագտերէի մէջ»:
«Ազրպէյճանցի ընտրողը առաջին անգամ պիտի քուէարկէ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ, «Ա.»), այս օրը պիտի մնայ պատմութեան մէջ: Խանքենդիի մէջ ինքնին այն շէնքին մէջ, ուր այցելած է Ազրպէյճանի նախագահը, պիտի քուէարկեն ազրպէյճանցի ընտրողները: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ 18 տարեկան է, պատմութեան մէջ պիտի մնայ` առաջին անգամ քուէարկելով այս շէնքին մէջ», աւելցուցած է ան:
«ՔասփիանԼայվ»-ի համաձայն, Փանահով նաեւ յայտնած է, որ Ստեփանակերտի մէջ առաջին քուէարկողին, ինչպէս նաեւ «ազատագրուած շրջաններէն, Խանքենդիէն, Խոջալուէն առաջին տեղեկատուութիւն ներկայացնող լրատուամիջոցին յատուկ պարգեւ պիտի շնորհուի»:
Ազրպէյճանի նախագահը 7 դեկտեմբերին ստորագրած էր 7 փետրուար 2024-ին արտակարգ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամանագիրը: Իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը արդէն առաջադրած է գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի թեկնածութիւնը: