Ամերիկեան իշխանութիւնները վերստին զգուշացուցին Հիւսիսային Քորէան, թէ Միացեալ Նահանգներու վրայ որեւէ հիւլէական յարձակումի «(Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար) Քիմ Եոնկ Ընի վարչակարգի վախճան»-ին պիտի յանգեցնէ:
Սպիտակ տունը հրապարակեց ամերիկեան-հարաւային քորէական հիւլէական խորհրդատուական խմբակի միացեալ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նաեւ կը նշուի, թէ Փիոնկեանկի կողմէ Հարաւային Քորէայի վրայ որեւէ հիւլէական յարձակում «արագ, զգետնիչ եւ վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերահաստատած են Հարաւային Քորէան ամերիկեան ամբողջ կարողականութեամբ, ներառեալ հիւլէական զէնքերով պաշտպանելու հաստատ յանձնառութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ապրիլին յղած էր խիստ ոճի զգուշացում մը, թէ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ Միացեալ Նահանգներու կամ անոր դաշնակիցներուն վրայ հիւլէական որեւէ յարձակում «Քիմի վարչակարգի վախճան»-ին պիտի յանգեցնէ: