«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ «վերջին 24 ժամուան» ընթացքին հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ դէմ թրքական յարձակումին պատճառով 7 ելեկտրակայաններ դադրած են գործելէ:
Թրքական օդուժի եւ հրետանիի ռմբակոծումներուն պատճառով Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Արաբ Բունար քաղաքի ելեկտրակայանը երկու անգամ դադրած է գործելէ:
Հասաքէէն հիւսիս Ռաքայի եւ Գամիշլիի Այն Իսա գիւղին մէջ Թուրքիոյ կողմէ ելեկտրակայանին ռմբակոծումը պատճառ դարձած է, որ քաղաքին ու անոր արեւելեան գիւղական շրջանին աւելի քան 60 առ հարիւրը ելեկտրականութենէ զրկուի:
Ռմբակոծումի ենթարկուած են նաեւ Հասաքէի հիւսիսը գտնուող Ամուտա եւ Քահթանիէ քաղաքներու երկու ելեկտրահաղորդման կեդրոնները: Վնասուած է նաեւ Տրպեսիէի ելեկտրակայանը:
Թրքական ռմբակոծումին պատճառով վեց քաղաքներ եւ անոնց պատկանող աւելի քան 800 գիւղեր զրկուած են ելեկտրականութենէ:
Թրքական ռմբաձիգներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր կիրակի օր երրորդ յաջորդական օրն ըլլալով յարձակում գործած էին քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ Հասաքէ, Հալէպ եւ Ռաքքա նահանգներուն մէջ Ինքնակառավարման կեդրոնատեղիներուն, դիրքերուն եւ ենթակառոյցներուն վրայ:
Նշենք, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) քանի մը օր առաջ հիւսիսային Իրաքի մէջ յարձակում գործած էր թրքական ռազմակայանի մը դէմ` սպաննելով 9 թուրք զինուորներ եւ վիրաւորելով շարք մը ուրիշներ:
Յարձակումէն ետք, Թուրքիոյ մէջ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ապահովական ժողով մը գումարուած էր: «Անատոլու» հաղորդեց, որ ժողովը նշած է. «Թուրքիան պիտի չարտօնէ իր հարաւային սահմանին վրայ Ահաբեկիստանի ստեղծումը, ինչ պատճառով եւ պատրուակով ալ ատիկա ըլլայ»:


