Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Համասի մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման համար Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ անմիջական կապի մէջ պիտի մնայ:
«Համասի մօտ գտնուող գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կը վստահեցնենք, որ անոնց կողքին ենք, զանոնք տուն վերադարձնելու համար պիտի չդադրինք աշխատելէ», աւելցուց Պայտըն:
«Ցաւալի է, որ Համաս հազիւ մէկ շաբաթ ետք դուրս եկաւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութենէն, սակայն մենք եւ մեր գործընկերները չդադրեցանք», ըսաւ ան:
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անցեալ շաբաթ շրջան վերադարձաւ դէպի գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւն յառաջընթացի ուղիի որոնման համար», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը կը կարծէ, որ եկած է ժամանակը, որպէսզի Իսրայէլը նուազեցնէ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու կշռոյթը:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը նոր վերադարձած է շրջանէն, մենք աշխուժ կերպով կը քննարկենք անցումը առաւել ցած կշռոյթով գործողութիւններու: Կը կարծենք, որ այժմ յարմար պահն է ստեղծուած նման անցման համար, եւ եկած է այդ ժամանակը», ըսաւ Քըրպի:
Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի եւ իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ կատարուող յարձակումները:
«Նեթանիահուն եւ անոր ծայրայեղական խումբը միջազգային կեցուածքին թուլութիւնն ու անոր տկարութիւնը կ՛օգտագործեն` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ յաւելեալ ոճիրներ գործելու համար, եւ աւարտին հասցնելու բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի շարունակուող բռնակցումը», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ յայտնեց. «Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումին շարուակութիւնն ու Կարմիր ծովուն մէջ ամերիկեան միջամտութիւնը պիտի աճեցնեն շրջանային խառնակութիւնները»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց. «Իսրայէլեան բանակի գնահատումով` 100 օր պատերազմէ ետք, Կազայի մէջ Համասի զինեալներու եւ ղեկավարներու մեծամասնութիւնը ողջ է»:
Քասսամի Փաղանգներու բանբեր Ապու Ուպէյտա նախապէս յայտնած էր, որ Կազայի մէջ պատերազմի 100 օրուան ընթացքին փաղանգները իսրայէլեան 1000 զինուորական մեքենաներ վնասազերծած են:


