Թրքական իշխանութիւնները «հրապարակաւ ատելութեան հրահրում»-ի ամբաստանութեամբ իսրայէլացի ֆութպոլիստ մը ձերբակալեցին, երբ ան Թուրքիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի ակումբներու մրցումի մը ընթացքին իր թեւին վրայ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմին վերաբերեալ պատգամ մը անցուցած էր:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունճ «ատելութեան բացայայտ հրահրում»-ի ամբաստանութեամբ հետաքննութիւն յայտարարեց իսրայէլացի ֆութպոլիստ Սակիւ Եհեզքիէլի դէմ, որ նաեւ հեռացուեցաւ իր ակումբէն` Անթալիա Սփորէն:
Նախարարը նշեց, որ հետաքննութիւնը բացուած է իսրայէլացի մարզիկին Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ գործադրուող ջարդին աջակցելու «իր ատելութեան ժեստին պատճառով»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Թուրքիոյ կողմէ իսրայէլացի ֆութպոլիստի ձերբակալութիւնը վրդովեցուցիչ է եւ կեղծաւորութիւն»:
«Թուրքիան իրողապէս իբրեւ Համասի գործադիր թեւ կը գործէ», նշեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց քննադատեց թրքական իշխանութիւններուն քայլը եւ յայտնեց. «Թուրքիան դարձած է մութ բռնապետութիւն մը, որ կ՛աշխատի մարդասիրական եւ մարմնամարզական արժէքներուն դէմ: Ամէն անձ, որ ֆութպոլիստը կը կալանաւորէ համերաշխութեանը համար 136 պատանդներու հետ, որոնք աւելի քան 100 օրէ ի վեր կը պահուին արիւնարբու ահաբեկչական կազմակերպութեան ձեռքը, սպանութեան եւ ատելութեան մշակոյթ կը ներկայացնէ»:
«Ես միջազգային ընտանիքին եւ միջազգային մարմնամարզական կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ` Թուրքիոյ դէմ քայլերու ձեռնարկելու», աւելցուց Քաց` յայտարարելով, որ անընդունելի է մարզիկներու նկատմամբ քաղաքական նպատակներով սպառնալիքներու օգտագործումը:
«Այսօր Եհեզքիէլն է, վաղը` մէկ այլ մարզիկ», յայտնեց Քաց:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները ազատ արձակած են իսրայէլացի ֆութպոլիստը, եւ ան Թուրքիայէն պիտի հեռանայ:


