Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք Տուն Կանչած Է Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանը

January 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տուն կանչած է իր դեսպան Նասիր Ապուլմուհսենը` երկուշաբթի գիշեր երկրի տարածքին գտնուող թիրախներու վրայ Իրանի հրթիռային յարձակումներէն ետք խորհրդակցութիւններու համար: Այս մասին կը հաղորդէ նախարարութեան կայքը:

Յարձակումը իրականացուած է Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլի վրայ: Իշխանութիւնները յայտնած են, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը թեւաւոր հրթիռներ արձակած է քաղաքին մէջ գտնուող թիրախներու ուղղութեամբ:

Հիւսիսային Իրաքի շրջանային կառավարութեան վարչապետ Մասրուր Պարզանի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է` վերջ դնելու շրջանին վրայ Իրանի յարձակումներուն:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը եւ յայտնած, որ հարուածները ոչնչացուցած են հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու ռազմակայանները:

«Ի պատասխան Իրանի թշնամիներու վերջին ահաբեկչութիւններուն, Միջին Արեւելքի շրջանի որոշ հատուածներուն մէջ հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու հետախուզական հրամանատարական կեդրոնները եւ թշնամիի հրամանատարական կեդրոնները հարուածուած են Յեղափոխական պահակագունդի թեւաւոր հրթիռներով», նշուած է պահակագունդի յայտարարութեան մէջ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը կը նշէ, որ շարք մը թեւաւոր հրթիռներ արձակուած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի գլխաւոր հրամանատարական կեդրոններէն մէկուն դէմ, այդ պատճառով ալ կեդրոնը ոչնչացուած է:

Նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին արաբական տարբեր երկիրներու մէջ շիիական դիմադրութեան ճակատին կոչ ուղղած էր հարուածելու թշնամին, ուր ալ ըլլայ ան:

Յեղափոխական պահակագունդի օդուժի հրամանատար Ալի Հաճիզատէ յայտնեց. «Իրաքի Էրպիլ քաղաքին մէջ սիոնականներուն կեդրոնը հարուածեցինք 11 թեւաւոր հրթիռներով»` աւելցնելով. «Յաջողութեամբ թեւաւոր 4 հրթիռներով հարուածեցինք Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ հաւատադրժողական խմբաւորումներու կեդրոններ»:

Աղբիւրներ ԻՐՆԱ-ին յայտնեցին, որ արձակուած հրթիռները Իտլիպի մէջ ահաբեկչական երկու խմբաւորումներու դիրքերը հարուածած են 1200 քիլոմեթր հեռաւորութենէ:

Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Քասեմ Արաժի նշեց. «Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորման մասին պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ»: Ան յայտնեց, որ իր հետաքննութեան յանձնախումբի անդամներուն հետ քննած են «գործարարին Էրպիլի մէջ երէկ գիշեր թիախաւորուած տունը, եւ պարզուեցաւ, որ Մոսատի կեդրոնատեղիի թիրախաւորման մասին խօսող պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

Բրիտանիան դատապարտեց «Իրաքի մէջ Էրպիլի դէմ  իրանեան անընդունելի հարուածները»:

 

Նախորդը

Ճատրակ. ՀՄԸՄ-ի Ճատրակի Խումբին Պատուաբեր Արդիւնքը

Յաջորդը

Անսարուլլա. «Օրական Հարիւրաւոր Նաւեր Կ՛անցնին Պապ Մանտեպ Նեղուցէն, Եւ Կարգ Մը Ընկերութիւններուն Կեցուածքները Ամերիկեան Քարոզչութեան Համահունչ Են»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.