Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ անոր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու ընթացքն ու շրջանին մէջ կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը:
Կողմերը անդրադարձած են այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են Իսրայէլի բանակի անցումը Կազայի մէջ ցած կշռոյթով գործողութիւններու, Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան բաշխումը եւ Այսրյորդանանի մէջ անկայունութիւնը:
Բացի ատկէ, Կալանթ Փենթակոնի ղեկավարին յայտնած է իր մտահոգութիւնը Լիբանանի հետ սահմանին վրայ Հըզպալլայի հետ բախումներու սրման նկատմամբ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած է, որ Համասի ճակատագիրի հարցը զինուորական լուծում մը չունի, եւ Իսրայէլ պէտք է ընդունի այդ մէկը:
Պաշտօնատարները նաեւ նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ Նեթանիահուի կառավարութեան յաջորդող շրջանին պատրաստուելու փորձ գոյութիւն ունի:
Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են. «Պայտընի վարչակազմի եւ Նեթանիահուի միջեւ տարակարծութիւնները Պլինքընի Իսրայէլ այցելութենէն ի վեր աւելի յստակ դարձան»: Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Նեթանիահու Պլինքընի այցելութեան ընթացքին մերժած է Ուաշինկթընի բոլոր պահանջները, «բացի Հըզպալլայի վրայ յարձակում չգործելու» պահանջէն:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ արաբական երկիրներ մտադիր են ներկայացնել Կազայի մէջ զինադադարի վերաբերեալ նախաձեռնութիւն մը, որ կը ներառէ Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակում` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման աւելի լայն ծրագիրի մը ծիրին մէջ, եթէ վերջինս համաձայն գտնուի անդառնալի քայլեր առնել պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ուղղութեամբ:
Ըստ օրաթերթի, արաբ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտնած են, որ կը յուսան, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու պաշտօնականացումը կարելի պիտի ըլլայ քանի մը շաբթուան ընթացքին:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան պատերազմական նախարարաց խորհուրդի անդամ Կապի Այզընքոթ յայտնած է. «Իսրայէլ պէտք է ինքն իրեն հարց տայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակէ ղեկավարութեամբ մը, որ ամբողջովին ձախողեցաւ»:
«Միայն Համասի հետ համաձայնութիւնն է, որ կրնայ գերիներու ազատ արձակումը երաշխաւորել», ընդգծած է Այզընքոթ:
Նշենք, որ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հինգշաբթի գիշեր հաղորդած էր, որ Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու մայրերը փակած են Թել Աւիւի ճամբան եւ նոր գործարքի շուրջ համաձայնութեան գոյացում կը պահանջեն:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտարարեց. «Եթէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը իսկական բարեփոխումի ենթարկուի, կրնայ պատերազմէն ետք Կազայի ապագային մէջ իսկական դերակատարութիւն մը ունենալ»:
«Եթէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը հրահրման եւ փտածութեան հարցերուն մէջ իսկական բարեփոխումի ենթարկուի, կարելի է անոր քաղաքային մարմինները օգտագործել Կազայի կարգ մը կազմաւորումներուն մէջ», ըսաւ Լափիտ, սակայն զգուշացուց. «Ոչ ոք կը կարծէ, որ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Կազայի մէջ պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի ստեղծուի»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին մերժած է Կազայի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք Պաղեստինի պետութեան հեռանկարը` խոստանալով այդ հարցին մէջ դիմակայել Միացեալ Նահանգները, որոնց ղեկավարութիւնը հրապարակաւ յայտարարութիւններու մէջ նշած է, որ Իսրայէլի կողքին պէտք է նաեւ Պաղեստին պետութիւն ստեղծուի: Այս մասին հաղորդեց «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը:
Նեթանիահու յայտարարած է, որ ինք Միացեալ Նահանգներուն ըսած է, որ դէմ է Կազայի մէջ տագնապի աւարտէն ետք Պաղեստին պետութեան ստեղծման:
Անոր համաձայն, Իսրայէլի քաղաքացիներուն մեծ մասը դէմ է պաղեստինեան պետութեան ստեղծման, եւ ինք միշտ պիտի դիմադրէ անոր:
Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խոստացած է շարունակել Կազայի մէջ յարձակումը «մինչեւ լիակատար յաղթանակ»` Համասի ոչնչացումը եւ իսրայէլացի գերիներու վերադարձը, աւելցնելով, որ ատիկա կրնայ «աւելի շատ ամիսներ» տեւել:
Թրքական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ Կազայի համար մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած նաւ մը ուղարկեցին Եգիպտոսի Արիշ նաւահանգիստ:


